Այդ օրերն են նորէն: Համայնքին համար փառաւոր օրեր: Նաւասարդեան տօնական մթնոլորտ: Ազգային մեր դիմադրականութիւնը ուժեղացնող ներարկումի դեր կը կատարեն այս օրերը: Կը խանդավառուինք յաղթանակի պարահանդէսով, կ՛ոգեւորուինք մեր մարզիկներու արդիւնքներով, կը յուզուինք մեր երեխաներու տողանցով, կը յուսավառուինք՝ մեր երիտասարդութեան համախմբումով:
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հսկայական տարածքին ցրուած հայութեան համար, յատկապէս՝ անոնց, որոնք զրկուած են իրենց ազգային իրականութեան հետ ամէնօրեայ շփում ունենալու բախտէն ու կարելիութենէն, Նաւասարդեանով կը յագեցնեն հայկականութեան իրենց պապակը:
Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք Նաւասարդեանը կազմակերպող Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան՝ ՀՄԸՄին:
Այս տարողութեամբ ձեռնարկ իրականացնող կազմակերպութենէն հրաշքներ ակնկալելու իրաւունք ունինք:
Կը սպասենք նոր անակնկալներու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.