ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Յունիս 24ին ընդունած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար զօր. Սէյրան Օհանեանը:
Ըստ ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան, հանդիպման մասնակցած է նաեւ Արցախի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան։ Կողմերը քննարկած են բանակաշինութեան եւ տարածաշրջանին մէջ այլ գործընթացներու վերաբերող հարցեր: