ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Քոնկրեսին մէջ Հայկական հարցերու համախմբումի համանախագահ Մարք Քըրք Հինգշաբթի, Յունիս 24 թուակիր նամակով մը խստօրէն քննադատած է Լեռնային Ղարաբաղի հայկական դիրքերուն վրայ Ատրպէյճանի զինուորական ուժերու յարձակումը՝ սահմանը խախտելու այս «չհրահրուած» փորձը յոյժ դատապարտելի քայլ մը նկատելով:
Ան նաեւ ցաւակցութիւններ յայտնած է զոհերու ընտանիքներուն, աւելցնելով, որ Ատրպէյճանի իշխանութեանց կողմէ նման քայլեր եւ շարունակուող ռազմապաշտ յայտարարութիւններ վնաս կը հասցնեն տագնապը խաղաղ միջոցներով լուծելու ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի աշխատանքներուն:
«Այս անպատասխանատու մօտեցումը ցոյց կու տայ, թէ պէտք է սահմանափակել Ատրպէյճանի տրամադրուող ռազմական օժանդակութիւնները եւ պէտք է վերահաստատել Ատրպէյճանի ռազմական օժանդակութիւնները արգիլող՝ «Ազատութեան նեցուկ կանգնելու» որոշումին թիւ 907 յօդուածը», յայտնած է Մարք Քըրք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.