Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը, անդրադառնալով Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան մէջ նկատուող աշխուժութեան եւ կեդրոնանալով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին ու Իրանի հիւլէական հարցին մէջ իբրեւ միջնորդ հանդէս գալու Անգարայի ջանքերուն վրայ՝ կը գրէ, թէ երկու պարագաներուն ալ Թուրքիոյ փորձերը ձախողութեան մատնուեցան։
Մեկնաբանելով Թուրքիոյ, Իրանի եւ Պրազիլի միջեւ ստորագրուած հիւլէական վառելանիւթի փոխանակման համաձայնագիրը եւ միջնորդական առաքելութիւնը դադրեցնելու մասին Պրազիլի յայտարարութիւնը՝ թերթը կը գրէ, թէ այդ բոլորէն Թուրքիոյ մնաց միայն Ուաշինկթընի հետ լարուած յարաբերութիւնները։ «Նպատակը բարի էր, սակայն դիւանագիտական հոլովոյթը ակնկալուածին պէս չեղաւ։ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու շահերը բախեցան։ Իրանին սատարող թուրք ղեկավարներու յայտարարութիւններուն գումարուեցաւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներ կիրարկելու բանաձեւին դէմ Թուրքիոյ քուէն, որուն իբրեւ հետեւանք, թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ յառաջ եկաւ նոր սառնութիւն։ Այս նախաձեռնութիւնը, որ սկիզբը կը թուէր, թէ յաջող քայլ մըն էր, ճամբու կիսուն արկածի ենթարկուեցաւ», կը գրէ «Միլլիյէթ»։
Հայաստան-Թուրքիա մերձեցման հոլովոյթին մասին, թերթը կը գրէ, որ յարաբերութիւններու կարգաւորումը արգելակուեցաւ, երբ Անգարա սկսաւ յառաջ քշելու ղարաբաղեան նախապայմանը:
«Այս մէկը նոյնպէս կը թուէր, թէ յաջող կ՛ընթանայ։ Անցեալ տարի Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւնները մեծ յոյսեր արթնցուցին սկիզբը։ Այդ համաձայնութեան իբրեւ արդիւնք, կողմերը պէտք է վերականգնէին յարաբերութիւնները՝ մէկ կողմ ձգելով գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները։ Սակայն աւելի ուշ, Թուրքիա սկսաւ յառաջ քշելու ղարաբաղեան նախապայմանը, որուն պատճառով, այդ հոլովոյթը խցանուեցաւ, արձանագրութիւններն ալ դրուեցան պահարան։ Մէկ խօսքով, նախաձեռնութեամբ հանդէս գալը լաւ բան է, սակայն կարեւորը ատիկա մինչեւ վերջ տանիլն ու իր նպատակին հասցնելն է», կ՛եզերակացնէ թերթը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.