ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ինչպէս մեր «Արուեստ» բաժինով արդէն իսկ տեղեկացուցած էինք, ֆրանսահայ շարժապատկերի բեմադրիչ Ռոպեր Կէտիկեանի վերջին ֆիլմը՝ «Լ՛Արմէ Տիւ Քրիմ»ը («Ոճիրի Բանակը», «Army of Crime») պիտի ցուցադրուի այս տարուն Լոս Անճելըսի շարժապատկերի փառատօնին ընթացքին (Los Angeles Film Festival), որ սկսած է Յունիս 17ին ու պիտի շարունակուի մինչեւ Կիրակի, Յունիս 27:
Ներկայացումը հովանաւորող Հայ թատերական արուեստներու միութիւնը (Armenian Dramatic Arts Alliance, ADAA) կը տեղեկացնէ, թէ Ուրբաթ, Յունիս 25ին նախատեսուած ցուցադրութեան տոմսերը արդէն իսկ սպառած են, սակայն Կիրակի, Յունիս 27ին, երկրորդ ցուցադրութեան տոմսեր տրամադրելի են տակաւին:
Կիրակի օրուան ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի քաղաքամէջի «LA Live» շրջանը գտնուող «Ռիկըլ 14» սրահներուն մէջ (1000 West Olympic Boulevard, Los Angeles, CA 90015), կ.ե. ժամը 1ին:
Ռոպեր Կէտիկեանի նշեալ ժապաւէնին (139 վայրկեան) գլխաւոր դերակատարն է ֆրանսահայ վաստակաւոր դերասան Սիմոն Աբգարեան, որ ստանձնած է համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին Գերմանիոյ դէմ ֆրանսական ընդդիմութեան՝ «Ռեզիսթանս»ի, հերոսներէն մէկը հանդիսացող ֆրանսահայ բանաստեղծ Միսակ Մանուշեանի դերը, իսկ վերջինիս կնոջ՝ Մելինէի, դերը կը կատարէ ֆրանսացի հանրայայտ դերասանուհի Վիրժինի Լըտուայենը: Ժապաւէնին մէջ դեր կը խաղայ նաեւ Ռ. Կէտիկեանի կինը՝ Արիան Ասքարիտ:
Յայտնենք, թէ ֆիմը ցուցադրուած էր նաեւ այս տարուան Հայ թատերական արուեստներու միութեան տարեկան 3րդ Հայկական շարժապատկերի փառատօնին, որ տեղի ունեցաւ Մայիս 29-31ին, Պոսթընի մէջ:
Ֆիլմէն տեսարաններ դիտելու համար այցելել www.youtube.com/watch?v=z1nPqNLwfYM
համացանցային կայքէջը, իսկ շարժապատկերին պաշտօնական կայքն է՝ www.larmeeducrime-lefilm.com:
Կիրակի օրուան ցուցադրութեան տոմսերը գնելու համար, այցելել www.lafilmfest.com/2010/films կայքէջը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.