ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Ինչպէս յաճախ կը պատահի, ամէնօրեայ «սովորական» կեանքը երբեմն կ՛արտադրէ այնպիսի իրավիճականեր, որոնց նմանը կարելի չէ գտնել նոյնիսկ լաւագոյն երեւակայութեամբ օժտուած հեղինակներու վէպերուն կամ պատմուածքներուն մէջ:
Անոնցմէ մէկը պատահեցաւ Հինգշաբթի, Յունիս 17ին, Ներկայացուցիչներու տան մէջ տեղի ունեցած ուժանիւթի «Պի.Փի.» հսկայ ընկերութեան գործադիր տնօրէն Թոնի Հէյուըրտի հարցաքննութեան ընթացքին:
Աւելի քան վեց ժամ տեւած հարցաքննութեան ընթացքին, քոնկրեսականները արդարօրէն նեղ կացութեան մէջ դրին Հէյուըրտը՝ խօսելով այն փաստերուն մասին, որոնք ցոյց կու տան, թէ ընկերութիւնը խնայողութեանց պատճառով դիմած էր նուազ ապահով միջոցառումներու, որոնք առաջնորդած էին Մեքսիքայի ծոցի կենսոլորտային աղէտին:
Սակայն, հանրապետական փոքրամասնութեան մաս կազմող Թեքսասէն Ճօ Պարթըն այլ մտահոգութիւններով ներկայացած էր հարցաքննութեան: Արդարեւ, ան հաշուետուութիւն պահանջելու փոխարէն, ներողութիւն խնդրեց «Պի.Փի.» ընկերութենէն եւ յայտարարեց, թէ «կ՛ամչնայ» Չորեքշաբթի օր Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին «Պի.Փի.»ի վրայ բանեցուած ճնշումին համար: Ան նաեւ «առաջին կարգի ողբերգութիւն» որակեց այն իրողութիւնը, որ Ուաշինկթըն «Պի.Փի.» ընկերութեան պարտադրած էր 20 միլիառ տոլարի վնասուց հատուցման հիմնադրամ մը ստեղծել:
Յատկանշական է, որ նոյնիսկ ընկերութեան պատասխանատուները նման յայտարարութիւն մը չէին կատարած Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք, սակայն ուժանիւթի մարզէն հսկայական գումարներ ստացող Պարթըն «քաջութիւն»ը ունեցած է հոսանքն ի վեր թիավարելու՝ իր յաջորդ ընտրապայքարը կենսոլորտային աղէտէն տուժած քաղաքացիներուն կրած վնասներէն վեր դասելով:
Հակառակ այն իրողութեան, որ Պարթըն աւելի ուշ ներողութին խնդրեց իր յայտարարութեան համար՝ տեղի տալով իր կուսակցութեան ղեկավարութեան ճնշումներուն, անոր բերանէն դուրս խուժած բառերուն հետեւանքները դարմանելը կրնայ նոյնքան դժուար ըլլալ, որքան ընծովեայ քարիւղի հանքէն օրական 2.5 միլիոն կալոն ծաւալով դուրս ժայթկող քարիւղը մաքրելու աշխատանքը: