
Ս. ՓԵԹԵՐԶՊՈՒՐԿ, «Նիուզ».- Երէկ, Սան Փեթերզպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը, որ իր տեսակին մէջ կը հանդիսանար վեցերորդը:
Այս հանդիպումէն մեծ ակնկալութիւններ չունեցող քաղաքական դիտորդներու նախատեսութիւնը կը թուի, թէ ճի՛շդ դուրս եկած է: Հանդիպումէն ետք, նախագահ Մետվետեւ եռակողմ գագաթնաժողովներու յաճախակիութիւնը միայն, իբրեւ լրագրողներու փոխանցելու արժանի տեղեկութիւն նկատած է:
«Մենք արդէն վեց հանդիպում ունեցած ենք, ի դէպ՝ երեքով, ինչպէս կ՛ըսեն, վեց անգամ հանդիպած ենք, եւ ատիկա քիչ չէ», յայտնած է Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւ:
Երեք նախագահներու հանդիպման առաջին բաժինը կայացած է լրագրողներու ներկայութեամբ, որոնք նկատած են, թէ նախագահներուն խօսակցութիւնը սկսած է եղանակին մասին զրոյցով մը:
Հանդիպումէն ետք Ռուսիոյ նախագահին անունով կազմակերպուած է աշխտանքային ընթրիք: Թերթը տպարան ուղարկելու պահուն տակաւին յստակ չէր, թէ նախագահներ Սերժ Սարգսեան ու Իլհամ Ալիեւ առանձին երկկողմանի հանդիպում պիտի ունենայի՞ն, թէ ոչ:
Նշենք, որ վերջին եռակողմ բանակցութիւնները կայացած էին Սոչիի մէջ, այս տարուան Յունուար 25ին:
Այսօր, Ս. Պեթերզպուրկի մէջ նախագահ Սարգսեան պիտի հանդիպի ԵԱՀԿի Մինկսի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Պեռնար Ֆասիէի եւ Ռապըրթ Պրատթքիի հետ: Երեք համանախագահները Յուլիսի սկզբը պիտի այցելեն Հայաստան եւ Ատրպէյճան՝ տեղւոյն վրայ շարունակելու համար ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ տարուող բանակցութիւնները:
Սերժ Սարգսեան Ս. Պեթերզպուրկի մէջ պիտի մասնակցի նաեւ տեղւոյն հայ համայնքի 300ամեակին նուիրուած տօնական միջոցառումներուն: