Գերապայծառ Տէր,
Անցեալ Կիրակի Ս. պատարագի աւարտին, ժողովրդապետ հայր Անտոն Սարոյեան պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ներկայ հաւատացեալներուն կը բացայայտէր Ձեր գրաւոր հրահանգով իր մօտալուտ մեկնումը։ Առողջական պատճառներով անձամբ ներկայ չէի ձայնաւոր պատարագին՝ նախընտրելով ժամը 9:30ի թիւ պատարագը։ Սակայն հաւատացեալներու մեր խումբը, երբ Ս. արարողութենէն ետք, «Գույումճեան» սրահը ուղղուեցաւ բարեկամներու հետ քանի մը վայրկեան զրուցելու, հայր սուրբը սրահ մտաւ եւ բոլորին հետ սիրալիր ձեռնուեցաւ, ինչպէս սովոր է ընել, սակայն մարդու չարտայայտուեցաւ զինք եւ մասնաւորապէս համայնքը շահագռգրող հեռացման ժամկէտին մասին։ Մենք ալ միամիտ, բան մը չպատահածի նման, կիրակնօրեայ մեր խմբակէն բաժնուելով՝ անհոգ տուն վերադարձանք։ Ժամը երկուքի մօտերը, ձայնաւոր պատարագին ներկայ եղող բժիշկ մեր բարեկամը՝ տոքթ. Մոմճեանն ու անոր կողակիցը՝ Սոնան, Տիկնանց միութեան նախկին ատենապետուհին, հեռաձայնով կապուեցան ու լուրջ հարցով մը փափաք յայտնեցին մեզի այցելել։ Երբ մեր բարեկամներէն իմացանք մութին մէջէն տարուող խաչակրութեան արդիւնք հանդիսացող պաշտօնազրկումը մեր սիրելի ժողովրդապետ վարդապետին, կարծէք լախտի հարուած մը իջաւ մեր գլխուն։
Գերապայծառ տէ՛ր, այս ի՞նչ պատուհաս ու անէծք հասաւ մեր համայնքի գլխուն։ Այստեղ պիտի չփորձուիմ Ձեր բացարձակ իշխանութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնել։ Կը յարգեմ ձեզ՝ իբրեւ խոհուն մտաւորական ու անբասիր եկեղեցական պետս։ Երբ Գասպարեան կաթողիկոսը յաջորդ մը պիտի նշանակէր Սեթեան առաջնորդին, առանց վարանելու, Ձեր եւ հայր Անդրանիկ Կռանեանի անունները տուի մեր հոգեւոր տիրոջ… Կը կրկնեմ, իմ առաջ քշած առարկութիւնս ձեր իշխանութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնել չէ։ Սակայն, երբ մեր սիրելի վարդապետը հեռացնելու հապճեպ որոշումը առիք, դուք միայն դժգոհներու կարծիքին վրայ հիմնուելով կը նետէիք այդ քայլը։ Ոչ իսկ յոգնութիւնը յանձն առիք ներկայ ժողովրդապետին ծառայութիւնները գնահատողներուն ալ տեսակէտը լսելու։ Դուք անձա՛մբ Լոս Անճելըս պիտի գայիք եւ համայնքի իննսունհինգ տոկոսին՝ իր ժողովրդապետին հանդէպ զգացած դրական կարծիքը Ձեր ականջներով լսէիք։ Այդպիսի խոհեմ վերաբերմունք կը սպասուէր անկողմնակալ ու հեռատես հոգեւոր առաջնորդէ մը:
Մենք, քիչ թէ շատ ծանօթ ենք Սարոյեան վարդապետի դէմ եղած մեղադրանքներուն ու անոնց մենաշնորհեալ հեղինակներու յետին նպատակին։
Մենք դիւրաւ չենք մոռնար, թէ հէգ Սարոյեան վարդապետը ինչպիսի՞ պայմաններու տակ եկաւ ու իր դժուարին պաշտօնը ստանձնեց։ Եկեղեցին կքած էր անտեղի պարտքերու տակ եւ խաղի եկած պարտատէրերը կալանքի տակ պիտի առնէին մեր բոլորին քրտինքով կառուցուած սրբատեղին։ Մարդիկ ափով նուիրատուութիւններ կատարեցին եկեղեցւոյ շինարարութեան համար, իսկ այսօր կտոր մը ստացագիր չունին իրենց բարեգործութեան իբրեւ փաստ։
Հայր Անտոն, անբասիր եկեղեցականի առաքինութիւններով տնտեսական տագնապը լուծելու կողքին, կարգ ու կանոն հաստատեց բարոյալքուած համայնքէն ներս ու խաղաղութիւն բերաւ հոգիներուն, առանց իր նախորդներուն հոգեւորականի անյարիր մոլորութիւններն ու շեշտուած նիւթապաշտութիւնը դրսեւորելու։
Երեսուն տարիէ ի վեր, ան առաջին ժողովրդապետն է, որ իր անբիծ, մաքուր վարքով կատարեալ վստահութիւնը շահեցաւ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան։ Ու ինչպէս Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս, Աստուծոյ տաճարը մաքրեց լումայափոխներէն ու կրպակ բանեցնողներէն, քաջակորով մեր ժողովրդապետը, Տիրոջ օրինակին հետեւելով՝ օճառ դրաւ առանձնաշնորհեալներու ոտքին տակ։ Ու այդ պատճառով կը հալածուի ան բուռ մը դժգոհներու կողմէ, որոնք յաջողեցան թունաւորել ու իրենց սայլին լծել միամիտներն ու անտարբերները։
Փոխանակ իր ամուր բարոյականին համար խեղճ վարդապետը պարգեւատրելու, այդ բուռ մը դժգոհները զինք կը մեղադրեն՝ եկեղեցիէն ներս «տիսիփլին» ու կարգ-կանոն բերելուն համար։ Անոնք, որոնք իրենց անձնական հաշիւներէն մեկնած՝ կը քաջալերեն անօրինականութիւնը, այդ ողորմելիները կը նախընտրեն նաեւ թոյլ ու անջիղ ժողովրդապետ մը ունենալ, որպէսզի իրենց ուզած ձեւով «ֆռռացնեն» զայն։
Գերապայծառ տէր,
Քանի որ դուք բաւարար ժամանակ չէք անցներ Լոս Անճելըսի Ձեր հօտին հետ, ապա տեղեակ չէք, թէ համայնքին մեծամասնութիւնը կը նախընտրէ խիստ ու օրինապահ, հաստատուն բարոյականով ժողովրդապետ մը, աւելի քան այն ժողովրդապետները, որոնք իրենց թուլութեամբ անկումի, քանդումի, պառակտումի ու բարոյալքման առաջնորդեցին օրինակելի այս համայնքը։ Եթէ օր մը անաչառ մտաւորական մը գրելու ըլլայ Հայ կաթողիկէ համայնքի վերջին երկու տասնամեակներուն պատմութիւնը, այն ատեն պիտի համոզուիք, որ սրբազան պապին աշակերտած այս հոգեւորականը, հակառակ այսպէս կոչուած՝ իր «ծռութեան եւ կոշտութեան», կամ հպարտութեան, օրինակ կրնայ ծառայել հայ թէ միջազգային կղերին։
Այս ալ աւելցնեմ. անոր բարոյական մաքրութեան ու գործելակերպի խստութեան դէմ գանգատողները կամ դժգոհողները, մեր եկեղեցին թղթախաղի կեդրոնի վերածած էին նախորդ ժողովրադապետին օրերուն։ Արդարեւ, երեկոյ մը, երբ Կաթողիկէ բարեսիրական միութեան ամերիկացիներէ բաղկացած վարչութեան պաշտօնակիցներուս հետ մեր եկեղեցւոյ համալիրը այցելեցի, նախքան դրամահաւաքի պաշտօնական երեկոն, օտար հիւրերը եկեղեցի հրաւիրեցի՝ պահ մը խոկալու ու աղօթելու։ Արդէն մթնցած էր, երբ դէպի առաջնորդարան ուղղեցինք մեր քայլերը։ Ճիշդ մուտքի դրան վերեւ, լուսաւոր ապակեփեղկի ետին, հինգ թաւամազ արուներ նստած՝ բարձրաձայն «փոքեր» կամ «պիւլոթ» կը խաղային։ Ամերիկացի հիւրերս պիղծ այդ տեսարանէն գայթակղած՝ ինծի դառնալով՝
– «Ար եու կայզ կամպլինկ ին տը չըր»չ,- հարց տուին։
– Ոչ, ժողովէն առաջ ժամանցի համար քով-քովի եկած կը զուարճանան,- պատասխանեցի՝ ամօթէս գետին մտնելով։
Կը ճանչնամ այդ հերոսները եւ առաքինի վարդապետի մը դէմ ձեզի զրպարտագիր յանձնողները։ Հարց կու տամ սիրելի Պաթաքեան. խստութիւն բանեցնող վարդապե՞տը պիտանի է հայ եկեղեցւոյ պայծառութեան, թէ առաջնորդարանը թղթախաղի կեդրոններուն հետ շփոթողները։ Կը կրկնեմ, նախքան Ձեր անարդար որոշումը կայացնելը, իննսունհինգ տոկոսին ալ կարծիքը պիտի առնէիք։ Անոնք ալ լիիրաւ ու հաւասար անդամներն են մեր համայնքին։
Տակաւին ուշ չէ…
Խնդրեմ, առաջնորդ տէր, մէկ ձեռքով կառուցուածը՝ միւսով չքանդենք։ Հետեւանքը սարսափելի պիտի ըլլայ։
Յարգանօք Մնամ Ձերդ՝
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Baron Kupelian .
Kritchid Talar Baron Boghos, inch vor geses chidagheh .
Ara
shad zarmanali chi tevir aysbissi voroshum me 80i sahmannerun mod hez arachnorti me… tsavali e sagayn bedk che vor darvink yegeghetsvo arachnortnerun gadaradz kaytagghutyunneren… mezi iprev joghovourt ge mna lessel mer hovivnerun khoske yev zanonk kordzatrel yev tchehedakrkrvil ays medz yev darikod gaduneru “Monopoly”i khaghov… i vercho ge garzem te mege muyssen aveli dun bidi kne yev verchavoroutyan yergnki arkayutyan tran archev ganach luys bidi desnes te garmir…
yes (arants ardahaydelou ov ellales) iprev antam chem mdahokvir irents khagherov kani vor ge hishem hissoussin khoske khachin vrayen “Hayr nere irents kani vor chen kider inch genen”… yes amen ardu aghotkes genem aravod lousso gaghotem yev im kordzerus ge ledzvim… togh irenk al irents mdahokutyunnerun hamar kich me aveli aghoten…
Baron Boghos teyev tsez antsnabes chem djanchnar sagayn hamperutyun ge maghtem yev kezi guzem essel te yes inch ge mdadzem… hayr sourpe guka yev gerta che?? sagayn joghovourte ge mna… tsekenk vor Asdvadz tade…