ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Յունիս 14ին աշխատանքային այցով Վրաստան ժամանած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար (ԱԳՆ) Էդուարդ Նալբանդեանը հանդիպում մը ունեցած է իր գործընկերոջ՝ Կրիկոլ Վաշածէի, ապա՝ պատուիրակներու հետ։
Կրիկոլ Վաշածէ գնահատած է տարբեր բնագաւառներու մէջ Հայաստանի հետ զարգացող համագործակցութիւնը եւ նշած, որ Վրաստանի իշխանութիւնները քաղաքական կամք ունին առաւել խորացնելու եւ ընդլայնելու փոխգործակցութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ:
Էդուարդ Նալբանդեան, իր կարգին նշած է, թէ Հայաստանի եւ Վրաստանի ղեկավարութիւնը շահագրգռուած է ամրապնդելու եւ զարգացնելու բարիդրացիական յարաբերութիւնները:
Կողմերը արձանագրած են, թէ նախարարներու պարբերական հանդիպումները հնարաւորութիւն կու տան պետութիւններու ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները իրականացնելու, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան նոր ծրագիրներ մշակելու:
Անոնք նաեւ անդրադարձած են երկու երկիրներու միջեւ առեւտրա-տնտեսական համագործակցութեան խթանման առնչուող հարցերուն ու քննարկած են փոխադրամիջոցներու եւ ուժանիւթի բնագաւառներուն մէջ միացեալ ծրագիրներու իրականացման ընթացքը:
Երկու նախարարները մանրամասն քննարկած են նաեւ վիրահայութիւնը յուզող շարք մը խնդիրներ, որոնց առնչութեամբ՝ Կրիկոլ Վաշածէ ներկայացուցած է Վրաստանի իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուող ծրագիրները, մանաւանդ՝ աշխատատեղերու ստեղծման, ճանապարհներու կառուցման եւ կրթական ու մշակութային հաստատութիւններու պայմաններու բարելաւման ուղղութեամբ:
Նոյն օրուան երկրորդ կիսուն, Հայաստանի ԱԳ նախարարը մեկնած է Պաթում, ուր ընդունուած է նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի կողմէ:
Վրաստանի նախագահը գոհունակութիւն յայտնած է Հայաստանի ու Վրաստանի միջեւ հաստատուած բարիդրացիական յարաբերութիւններուն առնչութեամբ՝ նշելով, որ Հայաստանի նախագահին հետ հաստատուած երկխօսութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ արդիւնաւէտօրէն առաջ մղելու երկկողմանի փոխգործակցութիւնը:
Նախագահ Սահակաշվիլի եւ նախարար Նալբանդեան միտքեր փոխանակած են օրակարգի հարցերուն շուրջ, նաեւ քննարկած են երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը եւ տնտեսական համագործակցութեան ծրագիրներու իրականացումը: Զրոյցի ընթացքին արծարծուած են նաեւ վիրահայութիւնը մտահոգող շարք մը խնդիրներ ու զանոնք լուծելու եղանակները։
Մ. Սահակաշվիլիի խնդրանքով, նախարար Նալբանդեան ներկայացուցած է Արցախեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման վերջին զարգացումները:
Յունիս 15ի առաւօտեան, Վրաստանի հայ համայնքին հետ հանդիպման ընթացքին, Էդուարդ Նալբանդեան խօսած է հայ-վրացական յարաբերութիւններու ներկային եւ հեռանկարներուն մասին, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ հաղորդած է իր հանդիպումներուն մասին: Նաեւ վիրահայութեան ներկայացուցիչներուն խնդրանքով, նախարար Նալբանդեան ներկայացուցած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.