ՅԱՐՈՒԹ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Մարտ չորսին ԱՄՆի Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 252 բանաձեւի քուէարկութեան ընթացքին եւ մէկ քուէի առաւելութեամբ անոր ընդունումէն ետք, ականատես եղանք մեր ժողովուրդի որոշ խաւի մօտ յուզումնախառն խանդավառութեան, զանազան թերթերու մէջ կարդացինք խառն զգացումներով լեցուն վերլուծական յօդուածներ, հայկական հեռուստակայաններէ դիտեցինք թէ՛ արհեստավարժ եւ թէ՛ համբակ մեկնաբանութիւններ, եւ ի վերջոյ քիչ մը ապշած ու զարմացած «ունկնդիրը» եղանք կարգ մը հայկական կազմակերպութիւններու, ՀՀ կառավարութեան, ի մասնաւորի՝ նախագահ Սերժ Սարգսեանի վտանգաւոր ու չարագուշակ լռութեան։
Միւս կողմէ սակայն, նոյն բանաձեւին ընդունման հանդէպ, ականատես եղանք ԱՄՆի նախագահ Պարաք Օպամայի, արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի բացայայտ ընդդիմութեան եւ Թուրքիոյ կառավարութեան ու անոր ընդդիմադիր կուսակցութեանց միահամուռ հակազդեցութեան։
Ի տարբերութիւն հայկական կողմին, թուրքերը գէթ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ իրենց պայքարին մէջ միակամ են։ Գաղտնիք չէ, որ բանաձեւի վաւերացումը ձախողեցնելու համար, նախագահ Օպամա եւ տիկին Քլինթըն կը գտնուին թրքական կառավարութեան ծանր ճնշումներուն տակ։
Ճնշումները, Քլինթընը առաջնորդեցին հոն, ուր երբ հարց տրուեցաւ իրեն, թէ ինչո՞ւ ինքն ու նախագահ Օպաման իբրեւ ծերակուտական միշտ նեցուկ կանգնած են ԱՄՆի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ նոյնիսկ նախընտրական շրջանին այդ գծով խոստումներ տուած, իսկ հիմա փոխած են իրենց կեցուածքը անոր հանդէպ, Քլինթըն շատ հանգիստօրէն պատասխանեց, թէ այդ օրերէն մինչեւ այսօր պայմանները յատկանշականօրէն փոխուած են։ Այս յայտարարութիւնը առիթ տուաւ մեզի ա՛լ աւելի սաստկացնելու մեր քննադատութիւնները ԱՄՆի վարչակազմին հանդէպ, փորձելով մեր կարգին, կարելի եղած չափով ճնշում բանեցնել անոր վրայ։
ԱՄՆի ղեկավար զոյգը, չկարենալով մեծամասնութիւն ապահովել Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ, եւ վախնալով, որ նոյն պարագան կրնայ կրկնուիլ Ներկայացուցիչներու տան լիագումարին, բացայայտօրէն խուճապի մատնուած՝ դիմեցին իրենց փորձուած եւ ամենազդու «զէնքին», իրենց լծակից դարձած նոյն ինքն Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին, յառաջիկայ Ապրիլին զինք հրաւիրելով Ուաշինկթըն՝ շատ հաւանաբար անցեալ Ապրիլ 22ին ճանապարհային քարտէսի օրինակով խայտառակութիւն մը յայտարարելու եւ ինչու չէ, ՀՀ նախագահին տալու պարտականութիւն ամերիկացի քոնկրեսականները համոզելու, որ դէմ քուէարկեն Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին։
Բացի բարոյական պարտաւորութենէ, ԱՄՆի դիւանագէտներն ու ղեկավարները ինչո՞ւ պարտաւոր են Ամերիկայի շահերը զոհել ի խնդիր մեր արդար դատը պաշտպանելու, երբ անդին՝ Հայաստանի նախագահը արդէն կռնակ դարձուցած է Հայկական Հարցին։ Դիւանագիտութիւնը ե՞րբ բարոյականութիւն ճանչցած է։ Արդեօ՞ք Օպաման ու Քլինթընը Ամերիկացի առաջին ղեկավարներն են, որոնք խոստումնադրուժ եղան։ Ո՛չ, առաջինը չեն, վերջինն ալ պիտի չըլլան։ Բնաւ պէտք չէ զարմանալ, երբ նոյնիսկ մեզի ամենամտերիմ քոնկրեսականը կամ ծերակուտականը, եթէ պատահի որ նախագահ ընտրուի, փոխէ իր ուղեգիծը։
Մենք ի՞նչ կ՛ընենք սակայն։ Այս հանգրուանին, փոխանակ պատմութենէն դասեր քաղելու եւ ըստ այնմ մեր ռազմավարութիւնը ճշդելու, կառչած կը մնանք օտարը այպանելու մեր հին սովորութեան։ Դիւրին է տեսնել ուրիշին աչքին մէջ գտնուող շիւղը եւ անտեսել մեր աչքին մէջ գտնուող գերանը:
Ժամանակը եկած է աւելի սուր կերպով քննադատելու նախագահ Սերժ Սարգսեանը։ Ժամն է ամէն գնով անոր հրաժարականը ապահովելու, որպէսզի խափանուի անոր Ուաշինկթըն այցելութիւնը։ Թէ ոչ՝ անցեալ Ապրիլ 22ին տեղի ունեցած խայտառակութեան կրկնութիւնը կը դառնայ անխուսափելի, եւ անկէ ետք կրնայ արդէն ուշ ըլլալ։