
«Ֆերահեան» երկրորդական վարժարանի 7րդ կարգի աշակերտներուն «Իմ Գիրքս» ծրագրի ներկայացումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 4 Յունիս 2010ին, դպրոցի «Տիգրանեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ 7րդ, 8րդ կարգի աշակերտներուն եւ շարք մը ծնողներու, որոնք եկած էին լսելու եւ քաջալերելու իրենց դասընկերներն ու զաւակները:
Միջնակարգի հայերէն լեզուի ուսուցչուհի Ա. Ղազարեանը, 8րդ տարին ըլլալով՝ կ՛իրականացնէ սոյն ծրագիրը, իր 7րդ դասարանի աշակերտներուն համար. ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս ան փորձած էր հայ պատանիին մէջ յառաջացնել եւ զարգացնել հայերէն գրելու սէրն ու տաղանդը։ Անոնք ամբողջ տարի մը աշխատած էին՝ թափ տալով իրենց երեւակայութեան, կամ դիտելով իրենց շրջապատը՝ թուղթին յանձնած էին իրենց ապրումներն ու նկատողութիւնները. այսպիսով, անոնք մէկ կողմէ յաջողած էին զարգացնել հայերէն գրելու եւ հայերէնով արտայայտուելու իրենց կարողութիւնները, իսկ միւս կողմէ ի յայտ բերած էին գրելու կարողութիւն. իւրաքանչիւր աշակերտ նաեւ նկարազարդած էր իր գիրքը եւ կազմած էր անոր կողքը։
Աշակերտներուն գրութիւնները նախ սրբագրուած էին իրենց ուսուցիչներուն՝ տիկին Ղազարեանի եւ տիկին Քիւրտեանի կողմէ, ապա յանձնուած էին երկրորդականի հայերէն լեզուի 3 ուսուցչուհիներու՝ տիկին Գրիգորեանին, տիկին Գէորգին եւ օր. Պերթիզլեանին, որոնք իրենց կարգին կարդացած եւ գնահատած էին զանոնք։ Ապա, արուեստի ուսուցչուհի Քազագոս գնահատած էր գծագրութիւնները։ Բոլոր գնահատականներուն միջինը իբրեւ վերջնական արդիւնք ունենալով՝ ընտրուած էր լաւագոյն երեքը։
Հանդիպումին, իւրաքանչիւր աշակերտ ամփոփ կերպով ներկայացուց իր պատմութիւնը, իսկ առաջին երեքը իրենց աշխատանքը ներկայացուցին ամբողջութեամբ. յատուկ յիշատակութիւն ստացաւ Դալար Յակոբեանը. երրորդ տեղը գրաւեց Ալիք Մնացականեանը՝ «Մրցումը» պատմութեամբ, երկրորդութիւնը շահեցաւ Ալին Չօրպաճեանը՝ «Կապոյտ Վարդը» հեքիաթով, իսկ առաջնութիւնը շահեցաւ Լիա Քէշիշեանը՝ «Մամիկին Բլիթները»ով։
Դպրոցին տնօրէնութիւնն ու հայերէնի բաժինը «Սեւակին Տարեդարձի Նուէրը» գիրքով եւ դրամական նուէրով գնահատեցին մրցանակ շահողները, իսկ բոլոր մասնակիցներուն յանձնուեցաւ նախապէս հրատարակուած «Իմ Գիրքս» հատորէն օրինակ մը։
Ձեռնարկի աւարտին, աշակերտներ եւ ծնողներ հիւրասիրուեցան նոյնինքն ծնողներուն կողմէ տրամադրուած անուշեղէններով եւ հիւթով: