«Մայիս 28»ը համայն հայութեան տօնն է։ Անոր կերտումին մասնակցած է համայն հայութիւնը, անխտիր։ Սարդարապատի հերոսամարտէն ծնած Հայաստանի անկախ պետութիւնը հայութեան իրաւունք տուաւ իբրեւ ազգ եւ պետութիւն մուտք գործելու համաշխարհային ընտանիքէն ներս։
Հինգշաբթի, Մայիս 27ի կէսօրէ ետք, «Ֆերահեան» ազգային վարժարանի աշակերտութիւնը դպրոցի «Աւետիսեան» սրահին մէջ պատշաճ յայտագիրով մը տօնախմբեց ու ծանօթացաւ 28 Մայիսի հանրապետութեան արժէքներուն:
Տիկին Ազատուհի Ղազարեանը բեմ հրաւիրեց 7րդ կարգէն Ալեքս Գազօրեանը եւ Ալիք Մնացականեանը, որպէսզի կատարեն հանդիսավարութիւնն ու կատարեն երկլեզու բացման խօսքերը։ Ալեքսը ստանձնած էր հայերէնի բաժինը, իսկ Ալիքը՝ անգլերէնի։
Յայտագրին մասնակցութիւն բերին 6րդ կարգի աշակերտները՝ Համաստեղի «Հայու Ոգին» խմբային արտասանութեամբ։ Ապա, 6րդ կարգէն Էյմի Յարութիւնեան եւ Շանթ Ռեկանեան յաջորդաբար դաշնակի վրայ նուագեցին «Կաքաւիկներ» եւ «Ֆինջան» կտորները։ 7րդ կարգէն Լիա Քէշիշեան կարդաց Դ. Դեմիրճեանի «Սարդարապատ» խմբագրականը, որ լոյս տեսած էր «Հայաստան Աշխատաւոր», Երեւան, 1918 Յունիս 15 թիւին մէջ։ 12րդ դասարանէն Անի Պեքելեան մեներգեց «Քեռիին Երգ»ը, որմէ ետք, 7րդ կարգը ելոյթ ունեցաւ «Մայիս 28» խմբային արտասանութեամբ: 8րդ կարգէն Փաթիլ Գամարեան դաշնակի վրայ նուագեց «Moonlight Sonata» եւ «Մեղեդի» կտորները:
7րդ կարգէն խումբ մը աշակերտներ սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկաներուն փոխանցեցին օրուան խորհուրդն ու իմաստը, որմէ ետք, 8րդ կարգի աշակերտներ ներկայացուցին պար մը՝ պարուսոյց ունենալով Լիլիա Մարգարեանը:
Նկատի ունենալով, որ Մայիս 28ի Տօնակատարութեան նախօրեակին եւ նոյն օրը տեղի ունեցած էին 6էն 9րդ կարգերու «Հայոց պատմութեան օր»ուան ներկայացումները, տիկին Ղազարեան բեմ հրաւիրեց դպրոցի փոխտնօրէն եւ Հայկական բաժնի պատասխանատու Վ. Նալպանտեանը, որպէսզի մրցանակներ բաշխէ իւրաքանչիւր դասարանի լաւագոյն երեք աշակերտներուն։
Պարոն Նալպանտեան, նախքան մրցանակներու բաշխումը, շնորհաւորեց Ա. Ղազարեանը՝ իր պատրաստած յայտագիրին համար, Ս. Քիւրտեանը, որ իր մասնակցութեամբ ճոխացուցած էր յայտագիրը, ինչպէս նաեւ գնահատեց այն աշակերտները, որոնք մասնակցութիւն բերած էին յայտագրի իրագործման. փոխտնօրէնը նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց դպրոցի Արուեստի բաժնի պատասխանատու Ալենուշ Գազագոսի, որ յանձն առած էր բեմի պաստառին՝ Սարդարապատի Յուշակոթողի գծանկարին պատրաստութիւնը, նաեւ՝ Րաֆֆի Յակոբեանին, որուն ջանքերով կարելի եղած էր իրականացնել սահիկներու ցուցադրութիւնը:
Վ. Նալպանտեան նաեւ աշակերտներուն փոխանցեց օրուան պատգամը՝ վեր առնելով ազատատենջութիւնն ու անոր սիրոյն զոհուելու գաղափարը, ապա թելադեց աշակերտներուն, որ շարունակեն նոյն ոգին ու սկզբունքը։
Մայիս 28ի յայտագիրը վերջ գտաւ բոլոր ներկաներուն կողմէ «Սարդարապատ» երգի յոտնկայս երգեցողութեամբ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.