ՕՐԵՆՃ, Քալիֆորնիա.- Օրենճ Քաունթիի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ գաւառի Դեմոկրատ կուսակցութիւնը, Մայիս 24ին կայացած տարեկան ընդհանուր ժողովին ընթացքին, վաւերացուցած է Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հաստատող բանաձեւ մը, որ միաժամանակ կոչ կ՛ընէ դաշնակցային իշխանութեանց, որ յստակօրէն ճանչնան այս պատմական իրողութիւնը:
Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին մէջ 70րդ ընտրատարածքը ներկայացնող Ճասթին Հարլընի կողմէ ներկայացուցած բանաձեւին քննարկամ ընթացքին ելոյթ ունեցողներուն շարքին եղած է Օրենճ Քաունթիի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Արմէն Կարապետեան, շեշտելով նման բանաձեւ մը վաւերացնելու կարեւորութիւնը:
Բանաձեւը վաւերացուած է քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.