ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Գերմանիա բնակող թուրքերը վերջերս ստորագրութիւն հաւաքելու սկսած են, որպէսզի Հայկական Ցեղասպանութեան հարցով երկխօսութիւն մը սկսի ու Գերմանիոյ քաղաքագէտներուն ծանօթացուի թրքական տեսակէտը։ Հարաւային Պաւարիոյ Թրքական միութիւններու համակարգումի խորհուրդի նախագահ Շերաֆետտին Քուրթքան յայտնեց, թէ հաւաքուած ստորագրութիւնները Յուլիսի երկրորդ շաբթուան ընթացքին պիտի յանձնուին դաշնակցային խորհրդարանի երեսփոխաններուն։

«Թուրքերը կ՛ուզեն, որ հայկական կողմը Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին մէջ ուսումնասիրական կամ քննադատական երկխօսութիւն մը ընդունի», ըսաւ ան՝ յոյս յայտնելով, որ թուրք ու հայ մասնագէտներ միասնաբար կը քննեն այս նիւթը։
Քուրթքան ըսաւ. «Այս գերմանները, նաեւ հայերը անշուշտ, կը հաւատան, որ 1915ին ցեղասպանութիւն մը կատարուած է եւ անոնք անկեղծ են իրենց այս մտածումին մէջ։ Մենք ալ հետեւեալը կ՛ըսենք իրենց. «Մենք ձեզ մտիկ պիտի ընենք բայց մէկ պայման ունինք՝ դուք ալ մեզ մտիկ պիտի ընէք անգամ մը»»։
Վարչապետ Էրտողանի կառավարութեան տեւողութեան ժամանակ Թրքական սփիւռքը սկսած է զօրանալ:Այս կառավարութիւնը հասկցած է զանազան երկիրներ ապրող իր հայրենակիցներուն ուժը եւ կարեւորութիւնը եւ սկսած է զօրակցիլ իրենց հետ պահանջելով իրենցմէ թէ բոլոր առիդները գործածելով միջամուխ ըլլան եւ պաշտպանէն թուրքիոյ դիրքը:Իմ մտահոգութիւնս այն է որ եթէ այսպէս շարունակուի մօտ ատենէն Հայկական սփիւռքը Թրքականին դիմաց իր ազդեցութիւնը պիտի կորսնցնէ եւ այս կացութիւնն ալ ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենայ ցեղասպանութեան ճանաչման ջանքերու վրայ: