ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլ որոշած է «Ազատութեան նաւատորմիղ» ուղարկել դէպի հիւսիսային Կիպրոսի ինքնակոչ թրքական հանրապետութիւն, թրքական բռնագրաւման վերջ դնելու նպատակով:
Օրաթերթին համաձայն, «Վե՛րջ թրքական բռնագրաւումին» կարգախօսով արշաւը կազմակերպած են Իսրայէլի նախկին նախարար Ալեքս Կոլտֆարպը եւ ընկերվարական «Մերեց» կուսակցութենէն Փինհաս Հար Զահաւը։
Իսրայէլեան օրաթերթը կը նշէ, որ նաւատորմիղը հիւսիսային Կիպրոս պիտի մեկնի յառաջիկայ օրերուն։ Առայժմ ոչինչ կ՛ըսուի, թէ նաւատորմիղին կազմին մէջ քանի՞ նաւ եւ ո՞ր երկիրներու ներկայացուցիչները պիտի ըլլան։
Միւս կողմէ, Կրասնոտարի հայերու «Երկրամաս» թերթը կը հաղորդէ, որ իսրայէլացի խումբ մը ուսանողներ որոշած են Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին մէջ թուրքերու արարքներէն տուժած հայերու եւ քիւրտերու համար նախատեսուած մարդասիրական օգնութեամբ «Խաղաղութեան նաւատորմիղ» կազմել եւ ուղուիլ Թուրքիա։
Այժմ ուսանողները կը փորձեն վարձել նաւ մը, որուն միջոցով պիտի կարենան ուղուիլ դէպի Թուրքիոյ ափը։ Անոնք ձեռք բերած են բժշկական սարքաւորումներ եւ դեղորայք, որոնք նախատեսուած են Թուրքիոյ մէջ բնակող հայերու եւ քիւրտերու համար։
«Մենք որոշած ենք գալ եւ օգնել Թուրքիոյ մէջ բնակող փոքրամասնութիւններուն եւ ցոյց տալ ամբողջ աշխարհին, թէ թրքական կառավարութիւնը որքա՛ն կեղծաւոր է։ Մենք վստահ ենք, որ Թուրքիան պիտի չխոչընդոտէ, որ մենք մարդասիրական օժանդակութիւնը փոխանցենք», ըսած է համաիսրայէլեան ուսանողական միաւորման նախագահ Պրազ Թոփորովսքի։
«Այդ մէկը խաղաղ արշաւ մը պիտի ըլլայ, առանց դանակներու եւ քարերու, որոնցմով «Ազատութեան նաւատորմիղ»ի «խաղարարները» դիմաւորեցին իսրայէլացի զինուորները։ Եթէ Էրտողանի խօսքերը կը համապատասխանեն անոր բարի սրտին, հակառակ անոր, որ մենք բոլորս գիտենք, թէ ատիկա այդպէս չէ, ուրեմն ան պէտք չէ մարդասիրական օժանդակութիւնը փոխանցելու հարցին մէջ մեզ մերժելու համար որեւէ պատճառ ունենայ», աւելցուցած է Պրազ Թոփորովսքի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.