ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երեքշաբթի, Մայիս 25ին, Պէյօղլուի պանդոկներէն մէկուն մէջ, լրագրողներու եւ մտաւորականներու մասնակցութեամբ գիտաժողով մը տեղի ունեցաւ «Հէյնրիխ Պէօլ Սթիֆթունկ» միութեան եւ Լեփսիւսի անուան կեդրոնին կողմէ։ Քննարկուող առանցքային հարցերն էին Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին Գերմանիոյ պատասխանատուութիւնն ու գերման աւետարանիչ տոքթ. Եոհաննէս Լեփսիւսի դերակատարութիւնը։ Մասնակիցներու կարգին էին Գերմանիոյ բողոքական եկեղեցւոյ նախկին նախագահ դոկտ. Վոլֆանկ Հուպեր, հրատարակիչներ Օսման Քէօքեր, Ռակըպ Զարաքօլու, Անգարայի Կանանց բեմի ներկայացուցիչ Հիտայեթ Թուքսալ, լրագրող Այշէ Հիւր, դոկտ. Էթհեմ Էլտեն, Պիլկի համալսարանէն փրոֆ. Մուրատ Պելկէ, գործարար Օսման Քաւալա, «Լեփսիւս» կեդրոնէն Հանս Ուլրիխ Շուլց եւ ուրիշներ։
Փրոֆ. Հիւպեր յայտնեց, թէ պարտք կը զգայ այս հարցը քննարկել ու 1915ի դէպքերն ու յաջորդող զարգացումները կերպով մը «մարսել»։ Օսման Քէօքեր դիտել տուաւ, թէ իր պատրաստած «Սիրելի եղբայրս» ցուցահանդէսը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց Թուրքիոյ եւ եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու մէջ։ Բացի ատկէ, Օսմանեան շրջանի հայերուն մասին աշխատաժողովը եւ հայերէ ներողութիւն խնդրելու արշաւն ալ, հակառակ ծանր հակազդեցութեանց, իրականացան եւ բանավիճելու դուռ բացին ժողովրդական լայն զանգուածներու մօտ։
Հիտայեթ Թուքսալ ընդգծեց, որ 1915ի դէպքերը, իբրեւ մարդկային իրաւունքի հարց, իսլամական շրջանակներու օրակարգին վրայ եւս պարբերաբար քննարկութեան նիւթ կը դառնան եւ այդ շրջանակները մարդկային իրաւունքներու տեսանկիւնէն կը նային հայերու դէմ պատահածներուն։ «Թուրքիոյ համար դիւրին պիտի չըլլայ ներողութիւն խնդրելը, սակայն չենք կրնար 1915ը պատմութեան մէջ թաղել», դիտել տուաւ ան։
«Թարաֆ» թերթի լրագրողներէն Այշէ Հիւր այն կարծիքը յայտնեց, թէ Եոհաննէս Լեփսիւսի անունն իսկ կը բաւէ որ ազգայնամոլ շրջանակներ անմիջապէս հակազդեն այսպիսի ձեռնարկներու։ Զարաքօլուն եւս շեշտեց, որ Թուրքիոյ ազգային ապահովութեան համակարգը շատ զգայուն է Լեփսիւսի գլխաւորած աւետարանչական շարժումի հարցին գծով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.