ANC-PAC
Շատ հեռու չէ Նոյեմբեր 2ը, երբ տեղի պիտի ունենան վերջին տարիներու ամէնէն թէժ քոնկրեսական ընտրութիւնները: Ամերիկահայութեան համար յստակ է, որ այդ օրը քննութեան պիտի դրուի նախագահ Պարաք Օպամայի դիրքորոշումը Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կապակցութեամբ՝ իր ընտրական խոստումի դրժումին լոյսին տակ:
Հայ Դատի քաղաքական գործի յանձնախումբը (ANC-PAC) եւ ընդհանրապէս ամերիկահայ համայնքի ղեկավարները վստահ են, որ հայ քուէարկողները խաբուած կը զգան նախագահ Օպամայէն, եւ այդ խաբուածութեան զգացումը զայրոյթ յառաջացուցած է նաեւ Քոնկրեսի դեմոկրատ ղեկավարութեան հանդէպ, որ իր կարգին, վերջին տասնամեակներուն չէ կրցած շօշափելի արդիւնք ապահովել հայութիւնը շահագրգռող հարցերուն ուղղութեամբ:
Այս վիճակէն մեկնելով է, որ ամերիկահայութիւնը, աւելի քան ոեւէ այլ փոքրամասնութիւն այս երկրին մէջ, հաշիւ պիտի պահանջէ նախագահէն՝ իր դրժած խոստումին եւ ընդհանրապէս ԱՄՆի արտաքին քաղաքականութեան մէջ հայութեան շահերուն հակադրուող կեցուածքներ ջատագովելուն համար:
Հայ Դատի Քաղաքական գործի յանձնախումբը, այո՛, կը ջանայ համոզել ամերիկահայ քուէարկողները, որ իրենց արժեւորումները պայմանաւորեն իւրաքանչիւր թեկնածուի առանձին կեցուածքներով, սակայն չենք կրնար անտեսել այն փաստը, որ այսօր երկրին մէջ կը տիրէ պաշտօնավարող քոնկրեսականներուն հանդէպ բացասական զգայնութիւններով յագեցած քաղաքական մթնոլորտ մը, որ մղում կու տայ Նոյեմբեր 2ին, Ուաշինկթընին ուժեղ պատգամ մը փոխանցելու տրամադրութիւններուն:
Այսպէս, Նոյեմբեր 2ին հանրաքուէ պիտի ըլլայ նախագահ Օպամայի ժողովրդականութեան: Այս հանրաքուէին արդիւնքները պայմանաւորուած պիտի ըլլան նախագահ Օպամայի յառաջիկայ գործողութիւններէն եւ կեցուածքներէն՝ ամերիկահայութեան տուած իր խոստումները յարգելու յանձնառութիւնը վերստանձնելու իր պատրաստակամութենէն: Ընտրութիւնը ի՛րն է: Մենք եւ ամերիկահայութիւնը ակնդէտ կը սպասենք իր քայլերուն: