ՊՈԼԻՍ.- Ինչպէս հաղորդած էինք, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Երեքշաբթի, Յունիս 1ին, իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նիստին ընթացքին խիստ քննադատութեան ենթարկած էր Իսրայէլը, Կազա մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող նաւերու դէմ յարձակումին պատճառով։
Թրքական «Զաման» օրաթերթը Չորեքշաբթի օր կը հաղորդէ, որ իր երկարաշունչ ճառին ընթացքին Թուրքիոյ վարչապետը խօսած է նաեւ քանի մը օր առաջ Լատին Ամերիկեան երկիրներ կատարած իր այցելութեան մասին՝ յիշեցնելով Արժանթին իր այցելութիւնը չեղեալ յայտարարելուն պատճառները։
«Ինչպէս, որ մենք կը կարեւորենք իւրաքանչիւր երկիրի արժէքները եւ հանդուրժողաբար կը մօտենանք անոնց, իւրաքանչիւր երկիր պէտք է նոյն վերաբերմունքը ցուցաբերէ մեր արժէքներուն։ Բնականաբար, օգտակար կը համարեմ անգամ մը եւս յիշեցնել, թէ հայկական Սփիւռքի նման գործողութիւնները, յստակ կ՛ըսեմ, որեւէ օգուտ չեն կրնար բերել ո՛չ Հայաստանին, ո՛չ հայ ժողովուրդին, ո՛չ ալ երրորդ երկիրներուն։ Ընդհակառակը, անոնք վնաս կը պատճառեն։ Սփիւռքի գործողութիւնները, որքա՛ն դժուար կացութեան մէջ կը դնեն Հայաստանը, այնքա՛ն ալ անպատասխանատու ձեւով դժուար վիճակի մէջ կը դնեն երրորդ երկիրները, ինչպէս եղաւ Արժանթինի պարագան։ Բոլոր անոնք, որոնք յանուն ներքաղաքական շահերու անձնատուր կ՛ըլլան հայկական Սփիւռքին եւ կը դառնան անոր գերին, յոյսով եմ շուտով կը տեսնեն, թէ որքա՛ն վնաս կը պատճառեն ե՛ւ Հայաստանին, ե՛ւ իրենց երկիրներուն», յայտարարած է ուրիշներով «մտահոգ» Էրտողանը։
Նշենք, որ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան լատինամերիկեան շրջագայութեան ծիրին մէջ չեղեալ յայտարարած էր Մայիս 30-31ին Արժանթին նախատեսուած իր այցելութիւնը, որովհետեւ արժանթինահայ համայնքի ջանքերով, Պուենոս Այրեսի իշխանութիւնները չեղեալ համարած էին քաղաքին մէջ Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի կիսանդրին տեղադրելու որոշումը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.