ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մայիս 28ի տարեդարձ մըն ալ, 92րդը, արդէն անցեալ ու պատմութիւն դարձաւ։
Հայաստանի անկախութեան նուաճումէն եւ հայոց ազգային պետականութեան ստեղծումէն 92 տարի ետք ալ, հայ քաղաքական միտքը շարունակեց գալիքին ձգել Մայիս 28ի արժէքին ու նշանակութեան ամբողջակա՛ն վերահաստատումը, միասնակա՛ն վերարժեւորումը։
Այս տարի եւս Հայաստանի Հանրապետութիւնը, պաշտօնապէս, իբրեւ «Հանրապետութեան Օր» տօնեց Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը։ Տակաւին պէտք է սպասել այն յուսալի օրուան, երբ «Սերունդներ դուք ձեզ ճանաչէք Սարդարապատից» Սեւակեան պատգամին ականջալուր՝ հայ քաղաքական միտքը իր բոլոր հոսանքներով, Մայիս 28ին, միասնականօրէն պիտի տօնէ «Անկախութեան Օր»ը։
Անպայման կու գայ եւ այդ օրը։
Որոշապէս քայլ մը յառաջ նետուեցաւ Հայաստանի նախագահին Հանրապետութեան Օրուան ուղերձով։ Հ.Հ. իշխանութեանց բարձրագոյն դիրքէն, իբրեւ ազգային–պատմական եւ քաղաքական–գաղափարական անկորնչելի պատգամ, շեշտուեցան արժէքն ու կարեւորութիւնը Մայիս 28ի մեծ քայլին՝ սեփական ուժերուն վստահելու, Ազգի եւ Հայրենիքի պաշտպանութեան կռիւը արժանաւորապէս մղելու եւ յաղթելու, Հայաստանի անկախութիւնը հռչակելու եւ պետական ազգի ինքնութեան ու ինքահաստատման ուղին հարթելու առումներով։
Հայաստանի նախագահին ուղերձը նոյնպէս կարեւորութեամբ շեշտեց Մայիս 28ին ստեղծուած ազգային միասնականութիւնը պահպանելու եւ շարունակաբար ամրապնդելու հրամայականը՝ իբրեւ հայ ժողովուրդին անպարտելիութիւնը ապահովող անփոխարինելի կռուանի, իբրեւ Ազգի եւ Հայրենիքի ՊԵՏԱԿԱՆԱՑՄԱՆ երթը դէպի հեռուն ու պայծառ գալիքը առաջնորդող ուղիի։
Ուղերձն ու պատգամը՝ անկասկա՛ծ ողջունելի են։ Բայց նաեւ դառն իրողութիւն կը շարունակէ մնալ այն, որ Հայաստանի անկախութեան 92ամեակին եւս, հայ իրականութիւնը տակաւին հեռու է Մայիս 28ի ազգային–պատմական եւ քաղաքական–գաղափարական դասերուն ամբողջական եւ միասնական վերահաստատումը կատարելու, մօտաւոր թէ հեռաւոր անցեալի ժանգ կապած ուրացումները վերջնականապէս թօթափելու յառաջխաղացքէն։
Եւ ոչ միայն այն պատճառով, որ Սփիւռքի տարածքին այս տարի եւս, ընդհանրապէս, Մայիս 28ը տօնուեցաւ որոշապէս դաշնակցական շրջանակին կողմէ։ Այլեւ ու մանաւանդ այն պատճառով, որ խորհրդային դարաշրջանէն «ժառանգուած» Մայիս 28ի ուրացման տրամադրութիւնները եւ մտայնութիւնները կը յամենան տակաւին, յատկապէս հայրենի իրականութեան մէջ։
Ուշադրութենէ չէր կրնար վրիպիլ, Մայիս 28ի օրը, Հայաստանի Հեռուստատեսութեան Առաջին Ալիքով հաղորդուած պատմական լուսաբանման ծրագիրներու հեղինակներուն հետեւողական եւ անպայման ողջունելի ճիգը՝ «խորհրդահայ պատմագրութեան» խեղաթիւրումներուն եւ նենգափոխումներուն պատասխանելու ուղղութեամբ։ Մէկէ աւելի անգամներ կրկնուեցաւ, թէ պատմական ճշմարտութեան հետ ոչ մէկ կապ ունին Մայիս 28ն իբրեւ «Թուրքին նուէր»ը ներկայացնելու եւ նսեմացնելու խորհրդային վերագրումները։ Ընդհակառակն՝ պատմական փաստ է, որ Թուրքիա Հայաստանի վերջին բեկորին վրայ արշաւելով պարտադրեց հայ քաղաքական կամքը այդ շրջանին ներկայացնող դաշնակցական ղեկավարութեան, որ անջատուի Ռուսաստանէն եւ դուրս գայ Անդրկովկասեան Սէյմէն (խորհրդարանէն-Խմբ.)։ Եւ պատմական անվիճելի ճշմարտութիւն է, որ վրացիներու եւ ազերի թուրքերու անկախութեան յայտարարութիւններէն (յաջորդաբար Մայիս 26ին եւ 27ին) ետք միայն, Թիֆլիսի Հայոց Ազգային Խորհուրդը Մայիս 30ին ինքզինք հռչակեց «Գերագոյն եւ Միակ իշխանութիւն»ը հայկական այն հողերուն վրայ, որոնք հայկական ուժերուն կողմէ, 22էն 28 Մայիս մղուած հերոսական կռիւներով, փաստացի պաշտպանուած էին թրքական բանակի յարձակումին դէմ։
Բայց միայն 1917–1921 ժամանակաշրջանի պատմական իրադարձութիւններու խորհրդային խեղաթիւրման եւ նենգափոխ «արժեւորման» դէմ գաղափարական պայքարով չի սահմանափակուիր Մայիս 28ի Աւանդին ամբողջական վերարժեւորումը։ Հայ քաղաքական մտքի մերօրեայ պատգամաբերներուն խղճի պարտքն է անաչառ արժեւորումը կատարել հայոց ազգային–ազատագրական շարժման 19րդ դարավերջին եւ 20րդ դարասկիզբին կտրած ուղիին, որուն յաղթական պսակումը եղաւ Հայաստանի անկախութեան նուաճումը։
Առանց այդ արժեւորման, հայ քաղաքական միտքը չի կրնար գտնել, նոյնիսկ Հայաստանի վերանկախացման մերօրեայ ազատ պայմաններուն մէջ, իր միասնականութիւնը ամրապնդող ազգային–քաղաքական արժէքներն ու սկզբունքները։ Օսմանեան եւ Ցարական զոյգ բռնատիրութեանց դէմ իրենց մղած հերոսական պայքարով՝ հայ յեղափոխական կուսակցութիւնները հոգեփոխեցին հայու ստրկացած կերպարը, քաղաքականօրէն կազմակերպուած շարժումի վերածեցին հայ ըմբոստ երիտասարդութիւնը, գաղափարապաշտ ու անձնուէր՝ համազգային պատասխանատուութեան ոգիով թրծեցին կուսակցական հայը եւ նախապատրաստեցին Մայիս 28ի պատմակշիռ նուաճումը։ Որքան բուռն եղան ու մահացու դարձան թրքական հարուածները, այնքան կարծրացաւ սեփական ուժերով ազատ, անկախ եւ միացեալ ապրելու հայկական կամքն ու ռազմունակութիւնը։ Որքան խստացան ցարական հալածանքները հայկական կուսակցութեանց եւ յատկապէս Դաշնակցութեան դէմ, այնքան տարածում գտաւ ազգային պետականութեան գաղափարը հայ ժողովուրդի գաղափարապաշտ երիտասարդութեան մէջ։ Եւ աւելի քան երեսնամեայ այդ պայքարին պսակումը եղաւ կազմակերպ հայութեան ռազմական յաղթանակը Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատներուն վրայ։
Հայ ազգային–ազատագրական շարժման եւ յեղափոխական կուսակցութիւններու այդ ձեռքբերումներուն անաչառ արժեւորումով է, ահա՛, որ հայ քաղաքական միտքը ի վիճակի պիտի ըլլայ գտնելու իր միասնականութիւնը ապահովող ու ամրապնդող գաղափարական կռուանները։ Մայիս 28ի նուաճումին միասնական այդ արժեւորումն է գրաւականը նաեւ այն համերաշխութեան եւ միասնականութեան, որ այսօրուան Հայաստանի եւ հանուր հայութեան կազմակերպ հզօրացման ու բազմակողմանի զարգացման երթը յառաջ պիտի մղէ։
Վերջապէս պէտք է լայն բանալ մեր աչքերը, տեսնել եւ բարձրաձայն ու միաձայն հաստատել, թէ Վահան Թէքէեանի տարողութեամբ եւ խորութեամբ Հայը, ատենին՝ երկար տասնամեակներ առաջ, հակառակ Դաշնակցութեան հետ իր ունեցած հիմնական տարակարծութիւններուն եւ ի հեճուկս խորհրդային Ուրացման դարաշրջանի պարտադրանքներուն, բանաստեղծի իր մեծ շունչով պատգամատարը դարձաւ Մայիս 28ով նուաճուած «հայկական անկախութեան» եւ «հայրենի կենդանութեան»։ Թէքէեան կրցաւ վեր բարձրանալ կուսակցականի իր պատկանելութեան մէջ՝ կուսակցական հայու գաղափարական կերպարը իր հետ բարձրացնելով վեր, որպէսզի կարենայ Դաշնակցութեան կամքով եւ նուիրումով ղեկավարուած «Հայկական Անկախութեան Նաւը» ու անոր մէջ զարթնած «Հայրենի Կենդանութիւն»ը լիարժէք արժեւորել։ Խորհրդային Հայաստանի ուղեկից «Հայաստանասէր ճակատի» գլխաւոր գաղափարախօսներէն մէկը ըլլալով հանդերձ՝ մեծ բանաստեղծը անվարան դատապարտեց խորտակումը Անկախութեան Նաւուն, որ՝
«Ընդհարեցաւ խարակներու,
Կամ՝ նաւերու մէջ երկու
(երէկ օրհնեալ, այժմ անիծեալ)
Ճզմըւեցաւ, փշրեցաւ…
Անկախութիւնն Հայկական»…
Եւ Թէքէեան չբաւարարուեցաւ Անկախութեան խորտակումը ողբալով, այլ՝ մեր սերունդներուն կտակեց ժառանգութիւնը Մայիս 28ին.
«Կենդանութի՜ւն Հայրենի…
«Եւ դուն հիմա իմ հոգւոյս,
Հազարներու հոգւոյն մէջ,
– Հոգւո՜յն, մտքի՜ն, մարմինի՜ն –
Հեծեծագին, հրճուագին՝
աշխատելով գաղտնօրէն,
Գիշեր–ցերեկ, լաստ առ լաստ
Կը շինես նաւը նորէն,
Կ՛ընես վաղուան զայն պատրաստ»…
Մայիս 28ի 92ամեակը եկաւ նաեւ այսօր շեշտելու, որ «Հայկական Անկախութեան» նաւը պէտք է պատրաստ ընել վաղուան… յաղթարշաւին։