ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երեքշաբթի, Յունիս 1ին, Ամերիկայի Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմը դատ բացած է Լոս Անճելըսի Կեթի թանգարանին դէմ, պահանջելով անկէ վերադարձը »Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն կորսուած կամ գողցուած« Թորոս Ռոսլինի (1210-1270) »Զէյթունի Աւետարան«էն 7 էջերու: Նշեալ Աւետարանին մեծ մասը կը գտնուի Երեւանի Մատենադարանին մէջ:
35 միլիոն տոլարի վնասուց հատուցում պահանջող դատին համաձայն, թանգարանը »գիտէր կամ պէտք է գիտնար, թէ այս էջերը գողցուած էին եւ կը պատկանէին (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ) կաթողիկոսութեան«:
Դատը բացուած է իրաւաբան Վարդգէս Եղիայեանի կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.