ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Իսրայէլեան ազդեցիկ «Հաարեց» թերթին մէջ Անշել Ֆեֆերի ստորագրութեամբ հրատարակուած յօդուած մը կոչ կ՛ընէ վերատեսութեան ենթարկելու Թուրքիոյ նկատմամբ Իսրայէլի քաղաքականութիւնը։ Յօդուածագիրը դիտել կու տայ, որ Իսրայէլ, Թուրքիոյ հետ ռազմավարական կապեր պահելու նպատակով, երկար տարիներէ ի վեր շարունակ մերժեց ճանչնալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, բայց այս մերժումը այլեւս շատ անիմաստ կը թուի այս օրերուն, երբ Թուրքիա այնքան բարեկամացած է Իրանի հետ եւ այնքան յստակ կերպով հակաիսրայէլեան կեցուածք որդեգրած է։
Յօդուածագիրը կը պնդէ, որ Իսրայէլի ղեկավարները միշտ պաշտպան կանգնած են ցեղապաշտներու՝ իբրեւ փաստ ներկայացնելով այն ջերմ գործակցութիւնը, զոր Իսրայէլ ցոյց տուաւ Հարաւային Ափրիկէի ցեղապաշտներուն։ Նոյն ցեղապաշտ կեցուածքը ցոյց տրուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին մէջ, երբ Իսրայէլի ղեկավարները միշտ մերժեցին ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը ու պաշտպան կանգնեցան թուրք ցեղապաշտներու։ Բայց արդիւնքն այն է, որ այսօր Թուրքիա Իրանի ամենամօտիկ բարեկամը դարձած է եւ Իսրայէլի դէմ քաղաքականութիւն կը վարէ։ «Այս պայմաններուն մէջ այլեւս անիմաստ չէ՞ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին մէջ իսրայէլեան ժխտումը», հարց կու տայ յօդուածագիրը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.