ԼՈՄԻԹԱ.- Շաբաթ, Մայիս 15ին, Հարաւային ծովածոցի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Ներկայացուցիչներու տան թեկնածու Մարսի Ուինոկրատի ընտրապայքարին ի նպաստ դրամահաւաքի ձեռնարկ մը, ուր կամաւորներ ինքնաշարժներ լուացին եւ ապա այցելեցին 160 բնակարաններ՝ թեկնածուին ի նպաստ քարոզչական աշխատանք տանելով, համայնքին ծանօթանցելով անոր նպատակները, իրագործումները ու շարք մը կարեւոր հարցերու նկատմամբ անոր որդեգրած դիրքորոշումը:
Ձեռնարկին ներկայ էր Ուինոկրատ ընտրապայքարի արշաւին ներկայացուցիչներէն Ռիքարտօ Ռէյես, որ դրուատեց կամաւորներուն տարած արժքաւոր աշխատանքը:
Յայտնենք, թէ հանրային վարժարանի ուսուցչուհի Մարսի Ուինոկրատի ընտրապայաքրին նեցուկ կանգնելու խոստում տուած են շարք մը կարեւոր քաղաքական գործիչներ եւ կազմակերպութիւններ, որոնց շարքին է մօտաւորապէս 48,000 ուսուցիչներ ներկայացնող Լոս Անճելըսի ուսուցիչներու միութիւնը (UTLA):
Նախնական ընտրութիւնը, որ իրարու դէմ պիտի հանէ Ուինոկրատ եւ Ճէյն Հարմըն, տեղի պիտի ունենայ Յունիս 8ին:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ ընտրապայքարին օժանդակելու համար, այցելել www.winograd4congress.com համացանցային կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.