ՎԱՆՔՈՒՎԸՐ.- Շաբաթ, Մայիս 15ին, Գանատայի Հայ Դատի Արեւմտեան շրջանի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, Վանքուվըրի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները հրաւիրուած էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ Հայ կեդրոն՝ հանդիպում ունենալու ներգաղթի նախարար Ճէյսըն Քէնիի եւ անոր անձնակազմին հետ։
Սոյն հանդիպման իրենց մասնակցութիւնը բերին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, Ս. Վարդան առաքելական եկեղեցւոյ, ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէի, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան, Գանատայի Հայ Դատի Արեւմտեան շրջանի յանձնախումբի, ՀՕՄի եւ Հայ Մշակութային միութեան ներկայացուցիչները։ Կլոր սեղանը ընթացաւ հարց-պատասխանի ձեւով: Օրուան զրուցավար Յակոբ Տէր Յակոբեանը (անդամ Գանատայի Հայ Դատի Արեւմտեան շրջանի յանձնախումբի) նախարարին ուղղեց շարք մը հարցումներ, որոնք սկիզբէն պատրաստուած էին վերոնշեալ կազմակերպութեանց կողմէ։
Նախքան հարց-պատասխանի բաժինը, զրուցավարը ներկայացուց նախարար Քենին՝ մատնանշելով անոր յանձնառու համագործակցութիւնը Գանատայի հայկական բոլոր համայնքներուն հետ, Գանատայի բոլոր շրջաններուն մէջ, արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք։ Ան յատկապէս յիշեց, թէ նախարարը մեծ դերակատարութիւն ունեցած էր 2004ին Գանատայի խորհրդարանին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան M-380 բանաձեւի վաւերացման գծով։
Նախարարին ուղղուած հարցումները անդրադարձան գանատահայ համայնքի զաւակները յուզող զանազան բնագաւառներուն։ Անոնք կը վերաբերէին մշակութային ծրագիրներու օգնութեան, մարդկային իրաւանց, տնտեսական եւ քաղաքական հարցերու:
Նախարարը գոհացուցիչ պատասխաններ տուաւ եւ խոստացաւ կարելի եղած չափով օգտակար հանդիսանալ գանատահայ համայնքին: Ան յորդորեց, որ հայ համայնքը աշխոյժ եւ գործունեայ մնայ ու հետապնդէ Հայկական Ցեղասպանութեան ուսուցումը գանատական ուսումնական ծրագիրներու եւ դպրոցական դասագիրքերու մէջ ներառելու աշխատանքը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.