ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի, Մայիս 19ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ բացուած Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան Դ. համագումարը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Իրանի Իսլամական հանրապետութեան միջեւ, Հինգշաբթի, Մայիս 20ի երեկոյեան եզրափակեց իր նիստերը, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Երկրորդ օրուան նիստերու ընթացքին ներկայացուեցան չորս զեկուցումներ: Առաջին երկուքը ներկայացուցին դոկտ. Այտա Յովհաննիսեանը (Թեհրանի թեմի Թեմական խորհուրդի ատենապետուհի), եւ Ֆաթալիխանին, նիւթ ունենալով Երիտասարդութեան տագնապներն ու դժուարութիւնները: Իսկ վերջին երկու դասախօսութիւնները տրուեցան Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանի եւ դոկտ. Շեմալիի կողմէ, նիւթ ունենալով այն մեթոտները, որոնք կրնան կանխարգիլել երիտասարդութեան բարոյական անկումը:
Իւրաքանչիւր զոյգ դասախօսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ քննարկում, որուն մասնակցեցան Իրանի փոխնախագահ Մահտի Մուսթաֆաուին եւ Իրանեան ու հայկական պատուիրակութեանց անդամներ, իսկ վեհափառը իր համադրող միջամտութիւններով, բանաձեւեց արտայայտուած մտահոգութիւններն ու մտածումները:
Եզրափակման յատուկ նիստին ընթացքին, երկօրեայ քննարկումներու լոյսին տակ եղան առաջարկներ, ու արտայայտուած միտքերու յաւելեալ լուսաբանումներ:
Նոյն երեկոյ, հայրապետը մայրավանքի սեղանատան մէջ պաշտօնական ընթրիքով պատուեց համագումարի մասնակիցները, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի խորհրդարանի հայ երեսփոխաններ, նախարարներ եւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներ:
Յառաջիկայ համագումարը որոշուեցաւ գումարել Թեհրանի միջ-կրօնական ու մշակոյթներու երկխօսութեան կեդրոնատեղիին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.