ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Բ.- Գլխաւոր օրինակներուն երկրորդը կարելի է քաղել ուսման ու կրթութեան բնագաւառէն: Կատարուած հարցախոյզի ճամբով հաստատուած է, թէ այսօր, համայն աշխարհի մէջ, մօտաւորապէս 113 միլիոն մանուկներ, մեծաւ մասամբ աղջիկներ, դպրոց չեն յաճախեր, այսինքն՝ ուսում ու կրթութիւն չեն ստանար: Անոնց 100 միլիոնը նոր զարգացող երկիրներու մէջ կը գտնուին: Տղոց պարագային, մէկ մասը բանուոր կը դառնայ, մէկ մասը մանր գործերով իր ստամոքսը կը լեցնէ, մէկ մասը մուրացկանութեամբ կը սնանի, իսկ վերջին մաս մըն ալ փողոցներուն անտունիներու դասակարգը կը կազմէ՝ նիւթ հայթայթելով մարդավաճառներու, մարմնի օրկաններ վաճառողներու եւ անասնական կիրքերու ախորժակով մոլի անձերու, որոնց համար մարդը Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը չէ, այլ՝ օգտագործման առարկայ պարզապէս: Գալով աղջիկներուն, որբութեան ու աղքատութեան հետեւանքով դպրոցէն դուրս մնացածներուն մեծ մասը իր երիտասարդական խանդը կը դնէ մարմնավաճառութեան մահիճներուն վրայ, ուր եւ կը խորտակուին անոնց ապագայի բոլոր երազներն ու ընկերութեան կեանքին մէջ առաքինի մայր դառնալու հեռանկարները:
Պէտք է անվարան յայտարարել, թէ Աղքատութիւնը մեծագոյն թշնամին է դպրոցին: Այսօրուան դպրոցէն դուրս մնացած մանուկները, պիտի կազմեն վաղուան լուսանցքայնացած երիտասարդութիւնը, ուր թաքնուած են արմատները ե՛ւ թմրամոլութեան, ե՛ւ ալքոլամոլութեան ու բարոյական այլազան սայթաքումներուն, ինչպէս նաեւ սեռային սանձարձակութեանց՝ հակասեռ, միասեռ ու այլեւայլ տարբերակներով:
«Ուսումը ամէնո՛ւն» խորագիրը, աշխարհի կրօններուն կատարելիք զոհողութիւններուն գլխաւորը պէտք է դառնայ՝ անոնց ընկերային ծառայութեան սահմանումներէն ու ժողովական օրակարգերէն գործնապէս դուրս գալով: Ի՞նչ բանի օգտակար է հասարակաց ուսումը: Անիկա նախ կը ծառայէ՝ իրարու հաւասարեցնելու համայն աշխարհի երիտասարդութիւնը, եւ երկրորդ՝ կը կանխարգիլէ, փողո՛ցը իբրեւ տուն ընդունող երիտասարդութեան աններելի որոշումը: Ուսումը պատկանելիութիւն կու տայ երիտասարդին: Ան կը զգայ, որ կը պատկանի այս աշխարհին, որ իր տունն է, եւ պարտաւորութիւն ունի անոր նկատմամբ: Երկրորդ՝ պատկանելիութիւն կը զգայ իր ընտանիքին հանդէպ: Եւ երրորդ, թէ՝ կը պատկանի սերունդի մը, հաւաքականութեան մը՝ ընկերութեան երիտասարդական խաւին, որ կոչուած է աշխարհի ապագան տնօրինելու իր ներդրումով:
Այս իմաստով, ուսումը անհրաժեշտ գործիք կը դառնայ երիտասարդութեան միջեւ իրարհասկացողութեան, ուրիշ խօսքով՝ զիրար հասկնալու լեզու կը դառնայ անիկա: Ուսումը այնպիսի մտահորիզոն կը պարգեւէ երիտասարդին, որուն մէջ տեղ մը անպայման ինքզինք կը տեսնէ իր կատարելիք ներդրումով: Երբ բոլորին ալ ուսման հնարաւորութիւն տրուի, նոր սերունդը կը հաւասարի իրարու, նոյնիսկ եթէ մէկը հարուստ ըլլայ, միւսը աղքատ, մէկը այս կրօնքին պատկանի եւ միւսը՝ այն, անոնք անպայման հաւասարութեան գետին կ՛ունենան, ուր դէմ դիմաց կը նստին, ու զիրար կը հասկնան:
Չի՛ բաւեր միայն կրօններուն կողմէ դպրոցներուն ընծայուած նիւթական հովանաւորութիւնը: Սա պետութիւններն ալ կրնան կատարել, եթէ տնտեսապէս աւելի զօրաւոր հիմերու վրայ զգան, եւ փաստօրէն կա՛ն այդպիսի պետութիւններ: Կրօններուն դերակատարութիւնը բոլոր դպրոցներուն մէջ Կրօնական դաստիարակութիւն ջամբելուն մէջ կը կայանայ, կանխարգիլելու համար ամէն ձգտում, որ Աստուծոյ պատուիրաններէն կը հեռացնէ երիտասարդութիւնը, որ անգիտակցաբար այս աշխարհը կը դարձնէ անշնչելի միջավայր մը: Կրօնական դաստիարակութիւնը կը զսպանակէ կիրքերը, նոյնիսկ թմրախոտերու որոշ տեսակներուն (Marijuana) կարգ մը երկիրներու կողմէ օրինականացման դիմաց՝ կը կողմնորոշէ գիտակից երիտասարդութիւնը, կը շեշտէ առողջ ընտանիքի ըմբռնումը եւ կը նուազեցնէ տունէն հեռացումի ու գաղթի երեւոյթները, նոյնիսկ անգործութեան մէջ կը հակակշռէ գողութեան երկարող երիտասարդ ձեռքերուն գործունէութիւնը, մինչեւ իսկ՝ անթէլ ինթերնեթային կապերէն գաղտնաբար օգտուելու պարագային, գողութեան զգացումը կը դնէ երիտասարդին հոգիին մէջ…:
Նոր սերունդի դաստիարակութեան ճամբուն վրայ, իբրեւ եկող սերունդներու բարոյական սայթաքումներու կանխարգիլման միջոց, կրօններու հիմնական առաքելութիւններէն մէկը պէտք է ըլլայ նաեւ Ծնողներու յատուկ դաստիարկութեան ծրագիրներու մշակումը ու անոր դրութենական գործադրութիւնը համայնքներու կեանքին մէջ, նոյնիսկ երբեմն աշխատանքային փոքր խումբերով (workshops):
Կրօնական դաստիարակութիւն տեսած ծնողքն է միայն, որ կրնայ իր ծնած զաւակներուն հոգիին մէջ հաւատք կառուցել: Սա սերունդէ սերունդ փոխանցուող աւանդ է, որուն ժառանգական յաջորդականութիւնը խզելը իսկապէս մեղք կը համարուի, ու մեծ կորուստ պէտք է նկատել նոր սերունդներուն հաշւոյն: Ընտանիքի իւրաքանչիւր ծերացող անդամ, այդ աւանդապահ անձը պէտք է զգայ ինքզինք, ու պարտականութիւն համարէ իրեն յանձնուած հաւատքի աւանդը փոխանցել յաջորդ սերունդներուն: Կրօններուն պարտականութիւնն է այս պարագային, ծնողասիրութեան ու յարգանքի դաստիարակութիւնը կանուխ տարիքէն ներարկել մանուկներուն հոգիին մէջ, առողջ մարդկային ընկերութեան իբրեւ զօրաւոր երկու հիմերը: Դժբախտաբար, հաղորդակցութեան բոլոր տեսակները (media) իրենց նիւթերով ու փոխանցած տեղեկութիւններով, կրօններուն ուսուցած վերոյիշեալ բարոյական օրէնքներուն հակառակ դաստիարակութիւնը կը ներկայացնեն: Իսկ երիտասարդութիւնը բնա՛ւ տրամադիր չէ աւանդականը պահպանելու, այլ միշտ նորաձեւութեան ոգիով տոգորուած՝ փոփոխութեան հետամուտ է:
Վերջապէս, սակայն առաջնահերթութեան իմաստով վերջինը չէ՝ Աղօթքը: Աղօթքին դերակատարութիւնը անպայման իր բարերար ազդեցութիւնը կ՛ունենայ տառապող հոգիներուն վրայ: Ինչքա՜ն լաւ պիտի զգայիր, եթէ քեզ վիրահատող բժիշկը, վիրահատութենէդ անմիջապէս առաջ, ձեռքդ բռնած աղօթէր քեզի հետ…: Հոգեկան այն ուժը, զոր այդ պահուն պիտի զգաս, վիրահատութենէն վերջ ապաքինումիդ արագ ընթացքին վրայ վստահաբար պիտի ազդէ: Վերջապէս մենք ֆիզիքական ըլլալով հանդերձ, հոգեղէն իրականութիւն մը ունինք մեր ներսիդին, որ իր զօրեղ ազդեցութիւնը կ՛ունենայ մեր ֆիզիքականին վրայ:
Տակաւին, փաստացի իրողութիւն է, որ թմրամոլներու կազդուրման կեդրոններուն մէջ, աղօթքին դերակատարութիւնը կենսական է այնքան, որքան զանոնք տեւապէս զբաղ պահելու համար տրուած յարատեւ աշխատանքը: «Բարի աշխատանքը աղօթք է», ըսուած է: Այս պարագային նաեւ, անկեղծ աղօթքը բարի աշխատանք կը համարուի, որովհետեւ նախկին թմրամոլը կը մղէ Աստուծոյ հետ խօսելու, եւ իր սխալները որդիաբար Անոր խոստովանելու «աշխատանք»ին:
(Շար. 2)