Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Մայիս ամիսը յատկանշական է հայ ժողովուրդին համար՝ անկախութիւններու եւ յաղթանակներու իմաստով, իսկ համաշխարհային իմաստով՝ Մայրերու Տօնին առթիւ:
Այս թիւով կը տեսնենք Մայիսեան հերոսուհիներէն ոմանց սխրագործութիւնները, որոնք անժխտելի դերակատարութիւն ունեցան Հայաստանի հանրապետութեան օրերուն հայ զինուորին, սպարապետին ու ազգային գործիչին կողքին:
Հայ կինը այր մարդուն կողքին իր պատուաբեր մասնակցութիւնը բերաւ հայոց պետականութեան հիմերը ամրապնդելու եւ պետական ու ազգային առողջ կեանք ստեղծելու տեսակէտէն:
Հայաստանի հանրապետութիւնը հաւատարիմ մնալով մեր աւանդութիւններուն եւ պատմութենէն դասեր քաղելով, անհրաժեշտ գտաւ հայ կնոջ լիարժէք քաղաքացիութեան ճանաչումը: Առ այդ, հայ կինը քուէարկելու իրաւունք ստացաւ եւ Հայաստանի հանրապետութիւնը դարձաւ Առաջին պետութիւնը, որ կիներուն ազգային-քաղաքական կեանքի մասնակցելու իրաւունքը պաշտօնապէս ճանչցաւ:
Կիները օգտակար եղան մասնաւորաբար որբահաւաքի, խնամատարական, կրթական եւ գաղտնի գործունէութեան մարզերուն մէջ: Որբահաւաքի նուիրուած աննման հայուհիներէն է Զարուհի Մեղաւորեան-Սաղըեան: Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, ան Երեւան մնաց եւ մինչեւ 1937 իր կապը պահեց արտասահմանի մտերիմներուն հետ: Այդ թուականէն ասդին յայտնի չէ, թէ մեռա՞ծ է, կամ աքսորուած ու անյայտ կորած է:
Հայաստանի հանրապետութեան շրջանին նշանաւոր դարձան Մարօ Ստեփանեան եւ Սաթօ Յակոբեան կամ՝ «դաշնակցական Սաթօն»: Երկուքն ալ գաղտնի աշխատանքներ կը կատարէին: Սաթօն բանտարկուեցաւ համայնավարներուն կողմէ, սակայն Փետրուարեան ապստամբութեան օրերուն ազատ արձակուեցաւ: Փոխանակ բանտի դժոխային պայմանները զինք խրտչեցնելով իր պատեանին մէջ պահելու, ան աւելի անձնուիրութեամբ գործի լծուեցաւ: Ընկերուհիին հետ միասին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղտնի արխիւները պահեց, երբ ղեկավար ընկերները հարկադրաբար հեռացան: Պահուած արխիւներուն մասին Էլլեն Բիւզանդ կը պատմէ հետեւեալ խիստ շահեկան դրուագը. «Բանտարկուած Սաթօն խօսեցնելու համար ամէն միջոցի կը դիմեն, սակայն անվախ հայուհին իր հոգեկան կորովը երբեք չի կորսնցներ: Վերջապէս, կոմիսարը կը դիմէ խորամանկութեան եւ յանկարծակի կերպով բանտախուցը մտնելով՝ կ՛ըսէ.
– Քաղաքացուհի Յակոբեան, շատ մի՛ հպարտանաք ձեր գաղտնապահութեամբ: Մենք մուկը ծակէն կը հանենք. գտանք ձեր պահած արխիւները:
– Գտա՞ք,- ըսաւ Սաթօն քմծիծաղով, առանց յոյզի,- ձեր գտածը կ՛երեւի «Խաթաբալա»ի հաւաքածօն է (Թիֆլիս հրատարակուող երգիծաթերթ մը): Լաւ նայեցէք, այնտեղ շատ զուարճալի եւ ուսանելի յօդուածներ կան: Պատկերազարդ է նաեւ…:
Հետագային դաշնակցական Սաթօն անցաւ Զանգեզուր, ուր սպարապետ Գարեգին Նժդեհ կը շարունակէր պայքարը, եւ դարձաւ անոր քարտուղարուհին: Լեռնահայաստանէն Պարսկաստան անցնողներուն վերջիններէն եղաւ, ապա հաստատուեցաւ Փարիզ իր ընկերուհի Մարօ Ստեփանեանին հետ: Սաթօ տողաշար մեքենայի գրաշարուհի եղաւ եւ ազատ ժամերը ամբողջութեամբ նուիրեց ազգային-կուսակցական գործունէութեան: Ֆրանսահայ գաղութի Կապոյտ Խաչի հիմնադիրներէն եղաւ, իսկ Բ. Աշխարհամարտին Գերմանիա գնաց եւ հայ ռազմագերիներու փրկութեամբ զբաղեցաւ: Յետոյ Փարիզ վերադարձաւ եւ գործեց միշտ նոյն նուիրումով ու եռանդով: «Դաշնակցական Սաթօն » մեռաւ Փարիզ 1965 Ապրիլ 4ին:
Այս եւ նման կիներն են, որ մեր ապագային հանդէպ լուսաւոր պայծառացած տեսլական մը ցուցաբերեցին մեր ժողովուրդի զաւակներուն աչքին առջեւ: Իրենց կեանքով օրինակ դարձան ու իրենց մահով դաստիարակեցին ու կը դաստիարակեն սերունդներ ամբողջ՝ նուիրումով, հայրենասիրութեամբ եւ զոհողութեան անսահման ոգիով: Հաւատացած էին հայրենիքին ու ազգին եւ այդ պատճառով դարձան հերոսներ:
———————————————————————————————————–
«Ու պիտի գայ հանուր կեանքի արշալոյսը վառ հագած,
Հազա՜ր հազա՜ր լուսապայծառ հոգիներով ճառագած,
Ու երկնահաս բարձունքին, Արարատի սուրբ լանջին,
Կենսաժպիտ իր շողերը պիտի ժպտան առաջին.
Ու պօէտներ որ չեն պղծել իրենց շուրթերն անէծքով,
Պիտի գովեն քո նոր կեանքը, նոր երգերով, նոր խօսքով,
Ի՜մ նո՜ր Հայրենիք, հզօր հայրենիք…»
Յովհաննէս Շիրազ