ՊՈԼԻՍ.- «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը Երկուշաբթի, Մայիս 24ին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայ յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները պաշտօնապէս արտօնած են Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ վրայ խաչի տեղադրումը։
Պոլսոյ հայոց պատրիարքի տեղապահ Արամ եպս. Աթեշեան այս հարցին առնչութեամբ յայտարարած է, թէ իրենք խաչի տեղադրման գծով որեւէ պաշտօնական ծանուցում չեն ստացած առայժմս թրքական իշխանութիւններէն։
«Ցաւօք, ինչպէս մեզի պաշտօնապէս չծանուցուեցաւ եկեղեցիին մէջ պատարագ մատուցելու թոյլտուութեան մասին, նոյնպէս ալ որեւէ պաշտօնական ծանուցում չէ ուղարկուած խաչի տեղադրման առնչութեամբ։ Մենք այս զարգացումներուն մասին կը տեղեկանանք մամուլէն։ Սակայն այդ լուրը մեզ շատ կ՛ուրախացնէ», յայտարարած է ան։
Նշենք, որ Վանայ լիճի Աղթամար կղզիին վրայ գտնուող Սուրբ Խաչ եկեղեցիին մէջ Սեպտեմբեր 12ին նախատեսուած Ս. պատարագի մատուցման արարողութիւնը յետաձգուած է մէկ շաբաթով եւ տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 19ին, Թուրքիոյ մէջ նոյն օրը կայանալիք սահմանադրական բարեփոխումներու շուրջ հանրաքուէին պատճառով։
«Հիւրրիյէթ» կը նշէ, որ հանրապետական Թուրքիոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ կը թոյլատրուի Սուրբ Խաչի նման կարեւոր նշանակութիւն ունեցող եկեղեցիի մը վրայ խաչ տեղադրել։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.