ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- Ուրբաթ, Ապրիլ 16ին, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին գործարարական բաժանմունքին մէջ դասախօսութիւններով հանդէս եկան «էմ.Այ.Թի.» համալսարանէն դոկտ. Պետրոս Տէր Մաթոսեան ու Կլենտէյլի համայնքային համալսարանէն դոկտ. Լեւոն Մարաշլեան:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Հայագիտական բաժանմունքին կողմէ եւ մաս կը կազմէր Հայկական Ցեղասպանութեան 95ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն:
Երեկոյին բացումը կատարեց Հայագիտական ծրագիրի համակարգող փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան:
Ապա, դոկտ. Տէր Մաթոսեան խօսեցաւ Օսմանեան կայսրութեան օրերուն «հայկական դրամագլուխ»ի ազդեցութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան մէջ հայերու ազդեցութիւնը չէզոքացնելու համար տարուած աշխատանքին մասին, որ սկսած էր համիտեան ժամանակաշրջանին ու Հայկական Ցեղասպանութեամբ հասաւ իր գագաթնակէտին: Ան յստակացուց, որ Թուրքիոյ արդի կառավարութիւնը ժառանգորդն է Օսմանեան կայսրութեան եւ շարունակած է անոր քաղաքականութիւնը, բռնագրաւելով հայերու կալուածները եւ ստացուածքը, միաժամանակ ի գործ դնելով խտրական քաղաքականութիւն փոքրամասութեանց դէմ:
Իր կարգին, դոկտ. Մարաշլեան անդրադարձաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Թուրքիոյ քաղաքականութեան, հայ-թրքական արձանագրութիւններուն պարունակին մէջ: Ան շեշտեց, թէ Թուրքիա ազգային ապահովութեան հարց կը նկատէ աշխարհի տարածքին վաւերացուող Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւները եւ այդ պատճառով խստօրէն կը պայքարի անոնց դէմ: Ան կեդրոնացաւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայկական ՑԵղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւեր վաւերացնելու փորձերուն վրայ, օգտագործելով վաւերագրական տեսաերիզներ: Ան խօսեցաւ նաեւ արձանագրութեանց մասին, պնդելով, թէ անոնց նպատակն էր ձախողութեան մատնել Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքները եւ աւելցուց, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները գիտակցելով, թէ ինչ է անոնց նպատակը, ետքայլ կատարած են:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.