ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ա.
Երիտասարդութեան վերաբերող հարցերը մարդկային ընկերութեան միայն մէկ հատուածին, կամ աշխարհի տարբեր կրօնքներէն մէկուն կամ մի քանիին չեն վերաբերիր: Անոնք համայն աշխարհին պատկանող ու համայն մարդկութիւնը յուզող իրական հարցեր են:
Անցեալին, կլիմայական տարբեր երկիրներու պայմաններուն բերումով, տարբեր ցամաքամասերու վրայ ապրող մանուկներ, իրարմէ տարբեր տարիքի մէջ չափահասութեան շրջան կը թեւակոխէին: Այլ խօսքով, պատանութենէ երիտասարդութիւն անցումային տարիքը, տարբեր երկիրներու ու ազգութիւններու մէջ կը տարբերէր իրարմէ: Ոմանք կանուխ կը հասուննային, ուրիշ երկիրներու մէջ ապրողներ՝ ուշ, նայած տուեալ երկրին կլիմայական պայմաններուն, որոնք կը դիւրացնէին կամ կը դժուարացնէին մարդու բնախօսական հասունացումը, ինչպէս կը փաստեն մարդա-կազմութեան մասնագէտներ ու ընկերաբաններ:
Բնագիտական այս խոչընդոտը որոշ չափով վերցուած է ներկայիս: Կլիմայական տարբերութիւնը եւս տեղի տուած է արհեստագիտութեան (technology) դիմաց, երբ դպրոցներէն ներս հասակ առնող պատանիներուն ու պարմանուհիներուն տրուելիք դաստիարակութիւնը կը կանխուի արդէն, արհեստագիտութեան միջոցաւ: Անիկա դարձած է ինքնանշանակ «ուսուցի»չ, որ անվճար կը մտնէ ամէն տունէ ներս, եւ համբերութեամբ ու սիրով «կը հետեւի» մեր մանուկներուն դաստիարակութեան: Կազմաւորում մը սակայն, որ ո՛չ կրօնական սկզբունքներու տեսակէտները նկատի կ՛ունենայ, ո՛չ ալ աւանդականօրէն ընկալեալ կրթական հաստատութիւններու փորձագէտներուն կազմած կանոնագրութիւնները:
Այսօր, երբ երիտասարդութեան հետ առնչուող գրեթէ ամէն հարցերուն «տագնապի շապիկ»ը կը հագցնենք, չե՛նք կրնար յայտարարել՝ ըսելով, թէ նախորդ դարերուն, կամ անցնող ժամանակաշրջանին ապրած երիտասարդութիւնը նման հարցեր չէ՛ ունեցած: Ատիկա պարզապէս անհեթեթութիւն պիտի ըլլար: Բայց ինչո՞ւ այսօ՛ր, ներկա՛յ ժամանակներուն մտահոգիչ տագնապի կը վերածենք այդ հարցերը: Դարձեալ, ճիշդ պիտի չըլլա՛ր ըսել, թէ անցեալին այդ հարցերը տագնապ չէին յառաջացներ: Վստահաբար եղած են մարդիկ, որոնք տագնապած են նման երեւոյթներու դիմաց: Սակայն անոնց արտայայտած տագնապը տեղական բնոյթ ունենալով, կամ տուեալ գիւղին կամ քաղաքին մէջ սահմանափակուելով՝ անուղղակիօրէն իր լուծումը կը գտնէր եւ տագնապը այդ ձեւով վերացած կ՛ըլլար:
Ահաւասիկ օրինակներու երեք բնագաւառներ.
Ա.- Այսօր զգացուող տագնապներէն մէկը՝ ամուսնութիւնն է, որուն հետ առնչուած բոլոր հարցերը ամէնօրեայ դրութեամբ մեր դիմաց կան, սկսեալ բնակարանային դժուարութիւններէն, եւ հասնելով մէկ տունի մէջ բազմանդամ ապրելու պատճառաւ ստեղծուած անհաճոյ իրավիճակները, դրամը տնտեսել չկարենալու հետեւանքով յառաջ եկած խնդիրները, զաւակներու ծնունդին, սնունդին եւ կրթաթոշակի վճարումներուն վերաբերող հարցերը, սեռային կեանքի բազմերես հոգեբանական վիճակները, մինչեւ հագուստ-կապուստի առնչուող անտեղի խնդիրները, որոնք երբեմն «մէկ ծրարի մէջ» լեցուած կ՛ըլլան:
Վերոյիշեալ հարցերուն մէջ, մեր ուշադրութիւնը եթէ կեդրոնացնենք ամուսնութեան բարոյական երեսին, պիտի տեսնենք, որ ամուսնութեան տարիքի յետաձգումէն յառաջացած են ներկայիս տագնապ համարուող շարք մը երեւոյթները:
Ընտանեկան ներքին անհանդուրժողութեան հետեւանքով, նոյն տան մէջ ապրիլ չկարենալու, կամ մէկէ աւելի ընտանիքներով միեւնոյն հօրենական տան մէջ խճողեալ կեանքով ապրիլ չուզելու ձգտումը մէկ կողմէ, իսկ միւս կողմէ՝ համաշխարհային տնտեսական տագնապը, երիտասարդութեան մեծ մասին ամուսնանալու թուականը յետաձգեցին: Այս յետաձգումին մէջ կը մտնեն նախամուսնական սեռային յարաբերութիւնները, աղջիկներու կուսական պատիւին ու անոր տրուած արժէքին հետ առնչուած ըմբռնումները տարբեր ազգերու եւ մշակոյթներու մօտ, ինչպէս նաեւ ուշ ամուսնութիւններու հետեւանքով անզաւակութեան, զաւակներու որդեգրման, փոխանորդաբար մայրութիւն կատարող երիտասարդ աղջիկներու (surrogate motherhood), վիժումի (abortion) եւ սերմնաբուծութեան հետ կապ ունեցող բոլոր տեսակի բարոյական հարցերը, որոնցմէ շատեր տակաւին կրօններուն տալիք պատասխաններուն կը սպասեն:
Ըսինք, թէ անցեալին ալ տագնապներ կային: Ճիշդ է, բնականաբար ծնողներ զգուշաւորութեամբ կը հետեւէին իրենց նորաբողբողջ զաւակներու երիտասարդական աճման ընթացքին: Այսօր որեւէ ծնողքի եթէ հարցնէք, թէ ի՞նչ կը փափաքի իր զաւակներուն համար, գրեթէ անխտիր, բոլորն ալ պիտի ըսեն, որ զանոնք կ՛ուզեն ամուսնացնել, տեսնել անոնց երեխաները, եւ ուրախանալ անոնց ապրած երջանկութեամբ: Այս փափաքը կամ զգացումը հինէն կու գայ, եւ իր մէջ ունի բարոյական մաքրութեան օրէնքը: Հին սերունդի ծնողներ, շուտով կ՛ամուսնացնէին իրենց զաւակները, մինչեւ իսկ, երբեմն տարօրինակ կերպով՝ իրենց զաւակներուն կամքին հակառակ, իրե՛նց ընտրած ու յարմար դատած անձերուն «կու տային» զանոնք՝ տնտեսական, բարեկամական ինչ-ինչ դաշինքներով ու համաձայնութիւններով: Մինչեւ այսօր մնացած է անոր հետքը, դրամօժիտի կամ պարզապէս օժիտի ձեւին տակ: Բնականաբար, այս պարագային «զոհեր» պէտք է նկատել այդ նորափթիթ երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները, որոնք սիրոյ տարբեր երազներով թերեւս օրօրած կ՛ըլլային իրենց կանուխ երիտասարդութեան տարիները: Սակայն, այդ ձեւը որդեգրուած էր՝ կանխարգիլելու համար բարոյական սայթաքումները: Կասկած չկայ, որ հակառակ կանխարգիլման այդ մեթոտին, հետագային, կեանքի ընթացքին դարձեալ կ՛արձանագրուէին սայթաքումներ, որոնք վերջ կը գտնէին երբեմն եղերական միջադէպերով:
Ներկայ ժամանակներուն, կրօններուն դերակատարութեան կարեւոր բնագաւառներէն մէկը պէտք է դառնայ ամօթի զգացումին աճեցումն ու կրթութիւնը մարդուն մէջ, որ աստուածավախութեամբ կը սկսի, եւ մարդու բարոյական կեանքին զսպանակը կրնայ դառնալ: Ազատ ընկերութեան բերած մեծագոյն վնասներէն մէկը եղաւ՝ ամօթի զգացումին բթացումը մարդուն մէջ: