ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ընկեր մը սրտցաւօրէն փոխանցեց, թէ «Ասպարէզ»ի յօդուածագիրներէն մէկը, մեր ընդհանուր ծանօթն ու բարեկամը, նեղացած է խմբագրութենէն, ինձմէ, որովհետեւ իր յօդուածին աւարտին իմ տարակարծութիւնս յայտնած էի իր շօշափած որոշ կէտերուն ուղղութեամբ:
«Ասպարէզ»ի երկարամեայ աշխատակից, գրող Պօղոս Գուբէլեանի մասին է խօսքը. անձ մը, որուն անձնապէս ալ մօտիկ կը զգամ, կը յարգեմ ու կը սիրեմ:
Յօդուածագիր-խմբագրութիւն երկխօսութիւնը թերթին միայն աշխուժութիւն ու կեանք կրնայ ներարկել: Թաքուն՝ այդ էր հետապնդուածը: Այսպիսի վիճակներ նեղացածութեամբ պէտք չէ աւարտին, այլ զրոյցը, վէճը պէտք է շարունակուին, մինչեւ, որ նիւթը սպառի կամ կեցուածքները աւելի բիւրեղանան, յստականան՝ թողելով ընթերցողները, որ յանգին իրենց եզրակացութեան: Եթէ ծանօթագրութեան մէջ վիրաւորանք նկատուած է ոճային կամ այլ իմաստով, կ՛ուզեմ հաւաստիացնել, թէ նպատակը այդ չէ եղած եւ կը դիմեմ յօդուածագիրին ներողամտութեան:
Մէկ այլ յարգարժան աշխատակից, Ստեփան Թոփչեանը, քանի մը շաբաթ առաջ ընդունելի առաջարկ մը կատարած էր՝ առանձին խորագիրով վիճելի յօդուածներու բաժին ունենալու մասին: Կ՛ունենանք այդ բաժինը եւ կը փափաքինք, որ ան դառնայ յօդուածագիրներու միջեւ, ինչպէս նաեւ ընթերցող-յօդուածագիր երկխօսութեան բեմ: Բաժինը կը կոչենք «Բանավիճային»: Նաեւ, խորագիրին վերաբերեալ եթէ առաւել նպատակայարմար կամ քաշողական վերնագիրի առաջարկ ունիք՝ ներկայացուցէ՛ք:
Այս առիթով, կը դիմենք մեր ընթերցողներուն՝ առաջարկելով, որ «Ասպարէզ»ի էջերէն զիրենք տագնապեցնող ու լուսաբանութիւն պահանջող հարցերով հանդէս գան. հարցեր, որոնց կամ խմբագրութիւնը, կամ ալ մեր յօդուածագիրները սիրով կը պատասխանեն:
«Ասպարէզ» իր անունով իսկ երկխօսութիւնը, վէճը, բանավէճը խրախուսող բեմ ըլլալու յաւակնութիւնը ունի: Կ՛ուզենք պարզապէս յիշեցնել ու խանդավառել թէ՛ ընթերցողները եւ թէ աշխատակիցները վերադառնալու ասպարէզ: