ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Ընտրական պաշտօնատարներ Երկուշաբթի, Մայիս 17ին յայտարարեցին, թէ Պաղտատի մէջ քուէներու վերահաշուարկը չէ փոխած խորհրդարանական ընտրութեանց արդիւնքներուն պատկերը։ Ուրեմն, նախկին վարչապետ Իյատ Ալլաուիի ղեկավարութեամբ շիի-սիւննի դաշինքը կը շարունակէ մնալ խորհրդարանի մեծամասնութիւնը։
Ընտրական համապատասխան կառոյցները 325 աթոռներէ բաղկացած խորհրդարանին մէջ 68 աթոռներ ունեցող Պաղտատի մէջ քուէներու վերահաշուարկին սկսան Մարտ 7ի ընտրութիւններէն շուրջ երկու ամիս ետք՝ Մայիս 3ին, հիմնուելով վարչապետ Նուրի Մալիքիի պահանջքին վրայ։ Ալլաուի 91 աթոռներով կը գրաւէ առաջին դիրքը, իսկ Մալիքի 89 աթոռներով կը գրաւէ երկրորդ դիրքը։ Մինչ Ալլաուի կը պնդէ, որ ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրելը նախ եւ առաջ իրեն իրաւունք կու տայ կառավարութիւն կազմելու, Մալիքի արդէն իսկ յայտարարած է, որ խորհրդարանի երրորդ մեծագոյն համախմբումին՝ շիի Իրաքեան ազգային դաշինքին հետ, դաշինք մը կազմելով՝ կը դառնայ խորհրդարանի մեծագոյն համախմբումը, սակայն ոչ՝ բացարձակ մեծամասնութիւնը։ Իրաքեան ազգային դաշինքը խորհրդարանին մէջ 70 աթոռ ունի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.