
Քալիֆորնիոյ նախկին կառավարիչ Ճորճ Տէօքմէճեանի ու իրաւաբան Մարք Կիրակոսի ստորագրութեամբ նամակ մը կոչ կ՛ընէ ամերիկահայութեան, որ նեցուկ կանգնի Նեւատա նահանգէն Տենի Թարխանեանին, որ կը փորձէ դառնալ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի առաջին հայ անդամը:
Անոնք կը շեշտեն, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը վաւերացնելու, Հայաստանի իշխանութեանց յաւելեալ ամերիկեան օժանդակութիւն ապահովելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ճանաչումը ապահովելու աշխատանքներուն համար, ամերիկահայութիւնը պէտք ունի Թարխանեանի նման ծերակուտականի մը, որ ամերիկահայութեան ձայնը պիտի հասցնէ Ծերակոյտ:
Տենի Թարխանեան զաւակն է պասքեթպոլի նշանաւոր մարզիչ Ճերի Թարխանեանին ու յաջող օրէնսգէտ մըն է, հայկական հարցերով հետաքրքրուող գիտակից անձ մը, որ պատրաստ է հայկական բոլոր դատերուն նեցուկ կանգնելու Ծերակոյտէն ներս։
Իբրեւ գործնական քայլ, Տէօքմէճեան ու Կիրակոս կոչ կ՛ընեն ամերիկահայութեան, որ Հայաստանի անկախութեան՝ Մայիս 28ի առիթով, առնուազն 28 տոլարի նուիրատուութիւն կատարէ ընտրապայքարին, այցելելով www.icontribute.us/dannytarkanian/initiative/amb համացանցային կայքէջը: