ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ազգ».- Ըստ վրացական կարգ մը լրատուամիջոցներու, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններուն ընդդիմադիրներու շարքերուն մէջ թեկնածուները կրնան նուազիլ, նկատի առնելով, որ ընդդիմադիրներու յայտարարութիւններուն համաձայն, վրացական իշխանութիւններու ճնշումներուն հետեւանքով որոշ թեկնածուներ կը հրաժարին գալիք պայքարէն:
Նշենք, որ Մայիս 30ին Վրաստանի մէջ իրականացուող ՏԻՄ ընտրութիւններուն մասնակցութեան փորձ կ՛ընեն նաեւ քանի մը հայ թեկնածուներ, որոնց զգալի մասը ներկայացուած է վրացական ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ցուցակներուն մէջ:
Վրացական Ազգային ընդդիմադիր խորհուրդի անդամ Լատօ Պոժածէն վերջերս յայտարարած էր, որ Ազգային խորհուրդի թեկնածուներուն վրայ ճնշումներ բանեցնելու ուղղութեամբ յստակ միտում կայ: Անոր խօսքերով, Ախալքալաքի մէջ ընդդիմադիր թեկնածուները ենթարկուած են շանթաժի եւ ճնշման, որոնք, ըստ իրեն, կը ղեկավարուին շրջանի վարչական ղեկավարի պաշտօնակատար Վիտալի Թորոսեանի, Վրաստանի խորհրդարանի նախկին անդամ Համլետ Մովսիսեանի եւ պետական անվտանգութեան հարցերով պատասխանատու Կախա Խուցիշվիլինի կողմէ:
Ճնշումներուն հետեւանքով իրենց թեկնածութիւնը հանած են Թենքիզ Մարղեպածէն, Ռոպերթ Սթամպոլցեանը, Գառնիկ Քերոբեանը, Ռոպերթ Թոթածէն, Նանա Աւետիսեանը եւ Աշոտ Բանդիկեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.