ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ապրիլ 27ին, Մոսկուայի մէջ «Նովոստի» գործակալութեան մամլոյ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ սպանացի գրող Կոնզալօ Կուարաչայի «Հայկական Կտակը» գիրքի շնորհահանդէսը, զոր կազմակերպած էր Ռուս-հայկական համագործակցութիւն կազմակերպութիւնը՝ Պատմական հեռանկարի հիմնադրամին եւ Հայաստանի մօտ Սպանիոյ հիւպատոսի համագործակցութեամբ:
«Հայոց Ցեղասպանութեան մասին շատ է գրուել: Կուարաչայի գիրքը իրական պատմական փաստերի վրայ հիմնուած վէպ է, ուր հումանիստ գրողի ձայնը հնչում է ի նպաստ հայ ժողովրդի իրաւունքների պաշտպանութեան: Եւրոպայի ու Ռուսիոյ ժողովուրդներն ի դէմս հայերի միշտ տեսել են հետապնդման ենթարկուող քրիստոնեայ հանրութեան, որը ցաւակցութեան եւ աջակցութեան կարիք ունի: Սակայն, մեզ թւում է, որ ստեղծարար եւ ազատութեան համար պայքարող ժողովուրդը արժանի է ոչ թէ ցաւակցութեան, այլ յարգանքի: Կոնզալօ Կուարաչայի գիրքը հէնց նման յարգանքի դրսեւորման արդիւնք է», ըսած է Ռուս-հայկական համագործակցութեան նախագահ Եուրի Նաւոյեան:
Կուարաչայի գիրքը նուիրուած է փոքր ժողովուրդներուն՝ հրեաներուն, քիւրտերուն, հայերուն: Իր գործերուն համար սպանացի գրողը արժանացած է զանազան պարգեւներու: «Հայկական Կտակը» հայ ժողովրդին նուիրուած եռապատման երկրորդ գիրքն է: Երրորդի խորագիրն է «Սպիտակ լեռը» եւ նուիրուած է Ցեղասպանութենէն ետք Լիբանան գաղթած հայերու պատմութեան: «Ես երեք գիրք գրած եմ հայկական նիւթով՝ «Հայկական Տոհմածառը», «Հայկական Կտակը» եւ «Սպիտակ լեռը»: Հայ ժողովուրդի ողբերգական ու յուզիչ պատմութիւնը համաշխարհային պատմութեան կարեւորագոյն մասը կը կազմէ, եւ ես կը կարծեմ, որ շատ կարեւոր է, որ միշտ յիշուի, թէ ի՛նչ կատարուած է», իր կարգին յայտնած է գրողը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.