ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխանները Երեքշաբթի, Մայիս 4ին, վերադառնալով իրենց նախկին միասնականութեան ու կարգապահութեան՝ վաւերացուցին նոր սահմանադրութեան 17րդ յօդուածը, որ կը վերաբերէր Սահմանադրական ատեանի կառոյցին։
Երկուշաբթի օր իշխող կուսակցութեան երեսփոխաններէն ութ հոգի դէմ քուէարկած էր կուսակցութիւնները փակելու օրէնքը փոխելու յօդուածին։ Քանի որ քուէարկութիւնը գաղտնի է, յայտնի չէր դարձած, թէ որո՞նք էին դէմ քուէարկողները:
Երեքշաբթի օր նոյնը չպատահեցաւ եւ կարգ մը երեսփոխաններ, հակառակ այն իրողութեան, որ քուէարկութիւնը պէտք է կատարուի գաղտնի կերպով, դիտմամբ յայտնի կը դարձնէին իրենց քուէները, որպէսզի վարչապետը տեսնէր: Վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան քուէարկութեան հետեւեցաւ սկիզբէն մինչեւ վերջ։ Երբ արդիւնքը յայտարարուեցաւ, իշխող կուսակցութեան երեսփոխանները ողջագուրուեցան իրարու հետ, մինչ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու շարքերուն մէջ լռութիւն կը տիրէր։
Ըստ այս բարեփոխումին, Սահմանադրական ատեանը պիտի բաղկանայ 17 անդամներէ, որոնցմէ երեքը պիտի ընտրուին խորհրդարանին կողմէ, իսկ մնացեալը պիտի նշանակուին նախագահին կողմէ։
«Թիւրքիյէ» օրաթերթը կը գրէ, որ Էրտողան քննադատած է ընդդիմութիւնը, որովհետեւ կուսակցութեանց փակումին վերաբերող յօդուածը դուրս մնաց սահմանադրութիւնը բարեփոխող թղթածրարէն։
«Հիւրրիյէթ» կը գրէ, որ իշխող կուսակցութեան երեսփոխան Ֆարուք Քոճա կուսակցութեանց փակման վերաբերող յօդուածին դէմ քուէարկած իր կուսակիցներուն հաւանական ցանկ մը պատրաստած է՝ խստօրէն զայրացնելով ցանկին վրայ գտնուող երեսփոխանները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.