ՊՈԼԻՍ, «Անատոլու».- Անգարայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Զաքիր Հասիմով Չորեքշաբթի, Մայիս 5ին հերքած է «Ենի Մուսաւաթ» օրաթերթի հաղորդած այն լուրը, թէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու ստորագրումէն առաջ կը ծրագրէր դիմել Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ռազմական գործողութիւններու, որոնք Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան միջամտութեան հետեւանքով չեն իրականացած:
Հասիմով պնդած է, թէ այս լուրին հեղինակը պարզապէս իր երազներն է, որ կը պատմէ…
Դեսպանին համաձայն, դիւանագիտական աղբիւրներ արդէն իսկ հերքած են այս տեղեկութիւնները եւ լուրը «չափազանցութիւն» որակած:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.