Երեքշաբթի, 13 Ապրիլի կէսօրին, Ազգային Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարան այցելեցին իրաւաբան Շանթ Ետալեան ու գործարար Բաբգէն Տօլապճեան, որոնք հանդիպում ունեցան վարժարանի տնօրէն Նազօ Աբանեանի ու Ազգ. Մարի Փոստոյեան մանկամսուրի վարիչ Թագուհի Սաաթճեանի հետ։ Հանդիպման ներկայ եղաւ Ազգային վարչութեան ատենապետ տոքթ. Կարօ Յակոբեան։
Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու այն հիմնադրամին մասին, զոր Շանթ Ետալեան եւ Բաբգէն Տօլապճեան հաստատած էին քանի մը ամիս առաջ, ի նպաստ մանկամսուրին։ Հանդիպման ընթացքին, Շ. Ետալեան բացատրեց, թէ Բ. Տօլապճեան իրեն դիմած էր ներկայացնելու համար իր ընկերութիւնը. դատարանին որոշումով ճշդուած գումարէն խնդրոյ առարկայ կողմերուն կատարուած հատուցումէն ետք, աւելցած էր 104,611.49 տոլարի գումար մը. համաձայնութիւն գոյացած էր, որ անիկա յատկացուի բարի նպատակի մը, ի մասնաւորի մանուկներու նպաստ բերող հաստատութեան մը։
Նկատի ունենալով, որ Շանթ Ետալեանի հանգուցեալ մայրը՝ Զուարթ Ետալեանը, տարիներ շարունակ եղած էր վարիչը Ազգ. Մարի Փոստոյեան մանկամսուրին, երիտասարդ իրաւաբանին անմիջական մտածումը եղած էր գումարը յատկացնել այս ուսումնարանին։ Ան այս մասին խորհրդակցած է իր հօր՝ Վարուժանի, եւ Բ. Տօլապճեանի հետ, նկատի ունենալով որ անոնք քաջածանօթ էին մանկամսուրին։
«Նախընտրութիւնը տուինք մանկամսուրի մը, որովհետեւ այս տարիքի մանուկներու կարիքաւոր ծնողները կարելիութիւնը չունին օգտուելու կրթանպաստներէ», բացատրեց երիտասարդ իրաւաբանը։
Կրթանպաստի այս հիմնադրամին հաստատման առիթով, Ետալեան եւ Տօլապճեան դիմած էին առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Ազգային վարչութեան խորհուրդին, ճշդելու համար հիմնադրամին կենսագործման դրութիւնը։ Որոշուած էր որ ամէն տարի հոգացուի ամբողջ կրթաթոշակը մէկ սանի, որուն ծնողքը ունին սահմանափակ եկամուտ։
«Մեր նպատակն է օգտակար ըլլալ այս մանուկներուն, որպէսզի առիթը ունենան մանկամսուրի մէջ ուսում ստանալու», բացատրեց Շ. Ետալեան, նշելով, թէ նիւթական նման հատուցումներէ օժանդակութիւններ տրամադրուած են անցեալին, եւ կրնան տրամադրուիլ նաեւ ապագային։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.