Հայոց Ցեղասպանութեան 95րդ տարելիցին, «Երբե՛ք պիտի չմոռանանք» ոգիով Լաս Վեկասի մէջ կազմակերպուած էր ոգեկոչման ձեռնարկ մը, որուն բացման աղօթքը կատարեց Լաս Վեկասի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ պատուելի Ներսէս Քոփալեան, իսկ բացման խօսքով հանդէս եկաւ հանդիսավար Արամ Մայիսեանը: Սուզան Արաբեան ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաստեղծութիւններ, ապա տեղի ունեցաւ երաժշտական ներկայացում:
Լաս Վեկասի քաղաքապետ Օսքար Կուտմըն, իր խօսքէն ետք կազմակերպիչներուն յանձնեց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող հռչակագիր մը: Նոյնպէս, քոնկրեսական Շելի Պըրքլի իր սրտի խօսքէն ետք յանձնեց հռչակագիր մը: Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Պարէտ Ծ. վրդ. Երէցեան:
Հռչակագիր մը ներկայացուց նաեւ քոնկրեսական Դինա Տիտոս: Ապա խօսք առաւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի թեկնածու Տէնի Թարխանեանը: Նաեւ ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը Ցեղասպանութեան մասին ու Լաս Վեկասի Հայ առաքելական դպրոցի աշակերտները ներկայացումով մը իրենց մասնակցութիւնը բերին ձեռնարկին:
Փակման խօսքը կատարեց հանդիսավար Արամ Մայիսեանը, որուն յաջորդեց Լաս Վեկասի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սերոբ քհնյ. Ազարեանի պատգամը: Ներկայ հոգեւորականները միասնաբար հոգեհանգստեան մասնաւոր պաշտօն կատարեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու հոգիներուն համար: Երգուեցաւ «Տէր Ողորմեա՛»ն եւ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.