Հովանաւորութեամբ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան, կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան, տեղի պիտի ունենայ բանաստեղծ Վահրամ Հաճեանի 75ամեակի յիշատակի յոբելինական հանդիսութիւն, Կիրակի, Մայիս 2ին, երեկոյեան ժամը 4:30ին, Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ (222 East Harvard St., Glendale CA 91205): Գրական եւ գեղարուեստական ճոխ ծրագիրով ելոյթ պիտի ունենան գրողներ, երգիչներ ու երաժիշտներ, ինչպէս նաեւ պիտի հնչեն Հաճեանի բանաստեղծութիւնները:
Մուտքը ազատ է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.