Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Հաւասարակշռութեան ջիղի եւ ուղեղի հաւասարակշռութեան կեդրոն-կապերու ախտահարումով յառաջացած գլխապտոյտը կը կոչենք՝ կեդրոնային (central) գլխապտոյտ, որ ընդհանրապէս առարկայական (objective) է, այսինքն հիւանդը կը զգայ, որ շրջապատը կը թաւալի իր շուրջ, եւ ոչ թէ ինք կը թաւալի։ Այս պարագային գլխապտոյտը կը յառաջանայ հետեւեալ պատճառներով.
1. Անգար (migrain) գլխու ցաւը կրնայ սկսիլ գլխապտոյտով, որ կը տեւէ քանի մը վայրկեան։
2. Ուղեղազարկերակային անցողակի մասնակի խցում (transient partial obstruction) եւ արիւնահոսում, որոնց պատճառով տեղի կ՛ունենայ սակաւարիւնութիւն (ischemia):
Գլխապտոյտը կը տեւէ քանի մը վայրկեան եւ անոր հետ միատեղ կրնայ պատահիլ գլխու ցաւ, երկտեսողութիւն, զգայախաբէութիւն (hallucination), շրթունքի եւ բերանի շուրջը անզգայութիւն (los of sensation), խօսելու դժուարութիւն։
3. Ուղեղային կարգ մը հիւանդութիւններ, ինչպէս՝ multiple sclerosis եւ քաղցկեղ. գլխապտոյտը կրնայ առաջին ախտանշանը ըլլալ multiple sclerosis-ին. հիւանդը կրնայ ունենալ նաեւ ակնաշարժ-ակնագունդի անբնական շարժումներ (nystagmus) եւ կամ շարժելու դժուարութիւն։
4. Գլխու եւ վիզի վնաս-հարուած։
5. Լսողական ջիղի ուռ (acousti neuroma). գլխապտոյտին կ՛ուղեկցի նաեւ ականջաբզզիւն եւ լսողական տկարութիւն։
Ոչ իսկական գլխապտոյտի պարագային, շարժումի խաբկանք չկայ։
Հիւանդը կ՛ունենայ զանազան ոչ յստակ ախտանշաններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝ շփոթութիւն, անորոշութիւն, գլխու ծանրութիւն, թեթեւութիւն եւ կամ պարապութիւն, քալելու անկարողութիւն, մարմնական յօգնածութիւն եւ կամ տկարութիւն, անբնական քրտինք, անորոշ զգացումներ եւ նուաղում։
Ոչ իսկական գլխապտոյտ կը յառաջանայ հետեւեալ պատճառներով.
1. Արեան ճնշումի մնայուն եւ անակնկալ նուազում։
2. Մարմնական ջրանուազում (dehydration)։
3. Որոշ դեղերու գործածութիւն։
4. Օդանաւով կամ ինքնաշարժով ճամբորդութիւն։
5. Անօթութիւն եւ ծոմապահութիւն։
6. Հոգեբանական խանգարումներ՝ ընկճուածութիւն եւ ճնշուածութիւն։
7. Հոգեկան վերիվայրումներ։
8. Արագ շնչառութիւն։
9. Սրտի տկար աշխատանք եւ յոգնածութիւն։
10. Շաքարախտ, շաքարանուազում (hypoglycemia)։
11. Արեան տկարացում, սակաւարիւնութիւն (anemia)։
12. Տեսողական խանգարումներ՝ շլութիւն (squint), ակնաքօղ (cataract), խաժամթութիւն (glaucoma)։
13. Մկանային հիւանդութիւններ եւ տկարացում։
Գլխապտոյտին ախտաճանաչումը յաճախ բաւական դժուար կ՛ըլլայ, նկատի ունենալով, որ ան ունի բազմակողմանի պատճառներ. հարեւանցի քննութիւններով կարելի չէ հասնիլ ճշգրիտ ախտաճանաչումին։
Գլխապտոյտին ախտաճանաչումը կը կատարուի՝
1. Լսելով հիւանդին ունեցած գանգատները եւ գլխապտոյտին նկարագրականը։
2. Բժշկական մանրակրկիտ ընդհանուր քննութեամբ։
3. Կատարելով արեան որոշ քննութիւններ։
4. Կատարելով ճառագայթային պարզ նկարահանումներ եւ յատուկ մասնագիտական նկարահանումներ՝ CT scan, MRI։ Իսկ անոր դարմանումը կախեալ է ախտաճանաչումէն։ Իւրաքանչիւր ախտաճանաչում ունի իր յատուկ դարմանումի միջոցառումները եւ ձեւերը։
Գլխապտոյտ ունեցողներ ուշադրութիւն պէտք է դարձնեն հետեւեալ թելադրութիւններուն՝ հեռու մնալու համար արկածներէ՝
1. Ինքնաշարժ չվարել։
2. Անմիջապէս նստիլ եւ կամ յենարան մը բռնել։
3. Նստած քնանալ եւ կամ երկու բարձ գործածելով քնանալ։
4. Ալքոլ եւ քաֆէյին չգործածել։
5. Բաղնիքի գետինը սահուն չպահել։
6. Քալել լուսաւոր սենեակներու մէջ, ուր չըլլան աւելորդ առարկաներ, գորգեր։
Գլխապտոյտ ունեցող հիւանդը շուտով շտապ օգնութեան կը կարօտի եւ՝ հիւանդանոցային խնամքի, եթէ գլխապտոյտին կ՛ուղեկցին նաեւ հետեւեալ ախտանշանները՝ երկտեսողութիւն, գլխացաւ, մարմնական տկարութիւն, խօսելու դժուարութիւն, աչքի անբնական շարժումներ, գիտակցութեան խանգարում եւ քալելու դժուարութիւն։
Հոս կ՛ուզեմ մանրամասնութեամբ անդրադառնալ «անակնկալ գլխադիրքաւորմային գլխապտոյտ»ին (positional paroxosmal vertigo)։
Անակնկալ գլխադիրքաւորումի գլխապտոյտը ամէնէն յաճախակի պատահած գլխապտոյտն է։ Ան կը սկսի գլխու անակնկալ շարժումով եւ մանաւանդ անկողինին մէջ ուժգնօրէն մէկ կողմէ միւս կողմ դառնալու ընթացքին։ Ան մտահոգիչ չէ, ժամանակաւոր է եւ անցողակի է, սակայն ան ահազանգի կը մատնէ հիւանդը. գլխապտոյտը քանի մը երկվայրկեան կը տեւէ եւ շուտով, ժամանակաւորապէս, կ՛անյետանայ։ Ան կը վերադառնայ, ամէն անգամ որ գլուխը կը շարժի եւ կամ որոշ դիրքի մը վրայ կը պահուի։ Ան կը պատահի ընդհանրապէս տարեցներու մօտ, սակայն կրնայ պատահիլ նաեւ որեւէ տարիքի։ Այս գլխապտոյտը կը յառաջանայ հետեւեալ ձեւով. հաւասարակշռութեան կեդրոնի անդաստակին մէջ գտնուող շատ մանր կրափոշի մարմինները (otoconia) գլխու արագ տեղաշարժումով մը դէպի վեր-վար եւ կամ աջ-ձախ կը տեղափոխուին եւ կը մտնեն կիսաբոլոր խողովակներու մէջ եւ հոն ազատօրէն կը շրջագային՝ յառաջացնելով անակնկալ, ժամանակաւոր եւ անցողակի գլխապտոյտ, որ կրնայ ըլլալ շատ ուժգին. ենթական կ՛ունենայ խաբկանք, որ ինք իր առանցքին վրայ կը թաւալի եւ զօրաւոր ուժ մը զինք կը քաշէ եւ կամ կը հրէ դէպի անդունդ. հիւանդը կը կորսնցնէ իր հաւասարակշռութիւնը եւ կրնայ ուժգնօրէն գետին իյնալ եւ ունենալ երկրորդական մարմնական զանազան հարուած-վնասներ։ Գլխապտոյտին կրնան ուղեկցիլ նաեւ՝ նողկանք, փսխունք եւ ուժասպառութիւն։
«Անակնկալ գլխադիրքաւորմային գլխապտոյտ»ի դարմանումը կ՛ըլլայ հետեւեալ միջոցառումներով.
1. Գլխու յատուկ մարզանքներ, որոնք կը կիրարկուին մասնագէտներու կողմէ։
2. Յատուկ հանգստացուցիչ դեղեր։
3. Գլուխը անշարժ պահել եւ նստած քնանալ։
4. Արագ շարժող առարկաներու չնայիլ։
5. Հեռատեսիլ չդիտել եւ գիրք չկարդալ։
Յաճախ հիւանդներ շաբաթներով եւ կամ ամիսներով կը տառապին այս գլխապտոյտէն, սակայն ան վերջ ի վերջոյ կ՛անյայտանայ առանց հետք մը ձգելու։
(Շար. 2 եւ վերջ)