ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ներկայ տասնամեակի սկզբնաւորութեան եւ յատկանշականօրէն 21րդ դարու առաջին տարիներուն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն արտաքին քաղաքականութիւնը դիւանագիտական արտասովոր նախաձեռնութիւն մը ճամբայ հանեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ուղղութեամբ։
Ռուսաստանի Դաշնութեան, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի իր գլխաւոր գործընկերներուն հետ համախորհուրդ՝ Սպիտակ Տունը կեանքի կոչեց այսպէս ըսուած «Թուրք եւ Հայ Հաշտեցման Յանձնաժողով» մը, որ կազմուեցաւ հայ եւ թուրք քաղաքական ու պետական անձնաւորութիւններու անպաշտօն համախմբումով՝ հիմը դնելու համար հայեւթուրք նոյնպէս անպաշտօն երկխօսութեան մը…
Ատենին, անգլերէն իր անուանումին՝ Turkish Armenian Reconciliation Commissionի սկզբնատառերով TARC կոչուեցաւ այդ Յանձնաժողովը։ Նաեւ ամբողջ նախաձեռնութիւնը ճանչցուեցաւ նոյն անուանումով եւ անցաւ TARC 1 ու TARC 2 փուլերէ։ TARC 1ի հանդիպումները սկսան Յուլիս 2001ին եւ շարունակուեցան մինչեւ Յունիս 2003, երբ Յանձնաժողովի թուրք մասնակիցները հրաժարեցան։ Անմիջապէս թուրք նոր բանագնացներ «միացան» Յանձնաժողովին ու ամերիկեան նախաձեռնութեան եւ սկսաւ TARC 2ի փուլը, որ սակայն կարճատեւ եղաւ. Յանձնաժողովը իր աշխատանքը աւարտած յայտարարեց 14 Ապրիլ 2004ին, երբ Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական փաստին եւ քաղաքական բնութագրման շուրջ երրորդ՝ իրաւաբանական ու չէզոք կողմի մը իրաւարարութեան դիմելու TARCի թուրք եւ հայ բանագնացներու քայլին, համաձայնաբար ընտրուած «իրաւարար» կազմակերպութիւնը՝ International Center for Transitional Justiceը հրապարակեց իր եզրակացութիւնը, թէ կատարուածը այո՛ Ցեղասպանութիւն էր։
Օրին շատ գրուեցաւ տխրահռչակ TARCի մասին։ Անշուշտ գտնուեցան ամերիկեան նախաձեռնութիւնը պաշտպանողներ, նաեւ՝ «հայեւթուրք մերձեցման ու հաշտեցման» գաղափարը գովաբանողներ։ Բայց հայ քաղաքական միտքը, Յանձնաժողովի գործունէութեան ընթացքին թէ այնուհետեւ՝ անոր պաշտօնապէս լուծարուած յայտարարուելէն ետք ալ, ընդհանրապէս դատապարտեց եւ մերժեց ընդունիլ TARCի նախաձեռնութիւնը։ Հայկական դատապարտումն ու մերժումը ուղղուած էին թէ՛ Յանձնաժողովի բաղադրութեան, թէ՛ մանաւանդ անոր համար սահմանուած առաքելութեան՝ Հայասպանութիւնը հարցականի տակ դնելու անոր տրամաբանութեան դէմ։
Բայց ինչո՞ւ այսօր կը յիշենք TARCը։
Կը յիշե՛նք, որովհետեւ TARCի նեխած հոտը կու գայ «Հայեւթուրք Արձանագրութեանց» այսօրուան կէս մեռած–կէս ողջ «գործընթացէն»…
Նեխած հոտ կու գայ, որովհետեւ իրողապէս մեռած «Հայեւթուրք Արձանագրութիւններ»ը թաղելու մտադիր չեն անոր ստորադիր կողմերը։
Դիակը նետուած է հրապարակ, սկսած է նեխիլ արդէն եւ ապականել նոյնինքն հայեւթուրք մերձեցման, երկխօսութեան եւ յարաբերութիւններու կանոնակարգման մթնոլորտը։
Անշուշտ հայ ժողովուրդը ընդհանրապէս, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի, ողջունելի գտաւ Հայաստանի նախագահին Ապրիլ 22ի հրամանագիրը եւ ուղերձը, որոնց հիման վրայ Հայաստան, Հայոց Ցեղասպանութեան 95ամեակի նախօրէին, կասեցուց Հայեւթուրք Արձանագրութեանց խորհրդարանական վաւերացման ընթացակարգը։
Բայց մեր ժողովուրդը, դարձեալ իր ճնշող մեծամասնութեամբ, նաեւ վերապահութեամբ ընդունեց իր նախագահին որոշումը՝ մեռեալ տառ չյայտարարելու Հայեւթուրք Արձանագրութիւնները։ Պահանջատէր հայութեան համար մեռեալ ծնունդ եղած էր տխրահռչակ Արձանագրութեանց ստորագրումը անցեալ Հոկտեմբերին։ Աւելի քան վեց ամիս քաշքշուեցաւ մեռեալին կեանք տալու անյոյս ճիգը եւ ահա՛, ի տես Արձանագրութեանց տառը չարաշահելու թրքական կողմի հետեւողական ելոյթներուն եւ դրած նախապայմաններուն, հայկական կողմը պարզապէս Արձանագրութեանց վաւերացման հարցը խորհրդարանի օրակարգէն հանեց, այդ ալ… առժամաբար։
Աւելի՛ն. Ապրիլ 22ի իր ուղերձին մէջ Հայաստանի նախագահը այնքան առաջ գնաց Հայեւթուրք Արձանագրութեանց տառը պաշտպանելու եւ սկսուած գործընթացը նորովի շարունակելու իր պատրաստակամութեան մէջ, որ գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ հող պատրաստեց «Հայեւթուրք Արձանագրութիւններ – թիւ 2»ին առջեւ։
Պարզապէս ջայլամի քաղաքականութիւն է, այլեւս, սեփական գլուխը աւազի մէջ խրելով չտեսնել ձեւացնելը, որ յար ու նման TARCի նախաձեռնութեան, Մ. Նահանգներն ու մեծապետական ուժերը կ՛աշխատին Հայաստանի նախագահին պարտադրել հայեւթուրք մերձեցման ու «հաշտութեան» իրենց ձեռնտու բեմագրութիւնը, որուն մէջ շտկումներ եւ ուղղումներ կատարելու հնարաւորութիւն ունի միայն Թուրքիան, ո՛չ Հայաստանը։
Ի սկզբանէ, այսպէս կոչուած ֆութպոլային դիւանագիտութեան մեկնարկի քայլերէն իսկ բացայայտ էր, որ մեծապետական ճնշումներու տակ գտնուելով՝ Հայաստանի նախագահը կը դիմէր Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց նոր էջ բանալու նախաձեռնութեան։ Պր. Սերժ Սարգսեան, արտաքին ճնշումներու առկայութիւնը հերքելով եւ պատմական խիզախ շրջադարձ մը նուաճելու իր յանձնառութեան մասին բարձրաձայն գովազդելով հանդերձ՝ իրողապէս տեղի կու տար նոր տիպի TARC մը իրականացնելու մեծապետական նախաձեռնութեան առջեւ։
Եւ այսօր ալ, հակառակ կտրուած շուրջ երկու տարուան ճամբուն եւ «Հայեւթուրք Արձանագրութեանց» մեռեալ ծնունդին, Հայաստանի նախագահը դարձեալ կը շարունակէ պնդել, Ապրիլ 22ի իր ուղերձին մէջ իսկ, թէ ինք կամովին եւ համոզումով կ՛ընդառաջէ մեծապետական իր «գործընկերներու խորհուրդներուն»…
Այսինքն՝ Արձանագրութեանց խորհրդարանական վաւերացման ընթացակարգը կասեցնելով հանդերձ, կը վերահաստատէ հայեւթուրք յարաբերութիւններու կարգաւորման ներկայ գործընթացը շարունակելու իր պատրաստակամութիւնը, արդէն մեռած ու նեխած Հայեւթուրք Արձանագրութեանց տառին եւ ոգիին համապատասխան…
Այս տարի եւս, հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ պետականօրէն գործադրած Ցեղասպանութիւնը իր բուն անունով եւ քաղաքական բնութագրումով չճանչնալով Ապրիլ 24 իր պատգամին մէջ՝ նախագահ Օպամա անուղղակիօրէն եկաւ հաստատելու, որ ամերիկեան կառավարութիւնն ու մեծապետական իր գործընկերները տրամադիր չեն ճնշումը թեթեւցնելու Հայաստանի նախագահին վրայէն։
Ընդհակառակն՝ վճռած են Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հաշւոյն տարածաշրջանին վրայ հաստատել «Բաց Սահմաններու» իրենց քաղաքական բեմագրութիւնը՝ Թուրքիոյ իշխանաւորներուն հրամցնելով Կարինէն մինչեւ Կեդրոնական Ասիա երկարող ազատ շրջագայութեան ախորժակ գրգռող հեռանկարը։
Այդ հեռանկարով ալ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը երկու օր առաջ լռեցուց իր ներ–քաղաքական ընդդիմադիրները, երբ Օպամայի օգտագործած «Մեծ Եղեռն» բառակապակցութեան դէմ ընդվզելու կողքին, յորդորեց գնահատել եւ վարձահատոյց ըլլալ «Ցեղասպանութիւն» եզրը չգործածելու Օպամայի… բարեացակամութեան։
Իսկ մեր երկրի արտաքին գործոց նախարարը Հայեւթուրք Արձանագրութեանց տառին մէջ թրքական նախապայմաններ տեսնող իր ներ–քաղաքական ընդդիմադիրներուն կը փորձէ լռեցնել այն «գիւտով», որ եթէ իրապէս Արձանագրութեանց տառը ունենար թրքական նախապայմաններ, Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովը շատոնց վաւերացուցած կ՛ըլլար եղեր… Արձանագրութիւնները։
Ո՛չ. մինչեւ որ Հայաստանի նախագահը յետս չկոչէ Հայաստանի ստորագրութիւնը Հայեւթուրք Արձանագրութիւններէն, հայկական կողմը ի վիճակի չէ զօրաւոր դիրքերէ դիմագրաւելու «Հայեւթուրք Արձանագրութիւններ – թիւ 2»ը։
Ահա թէ ինչո՛ւ Հայեւթուրք Արձանագրութեանց դէմ ծաւալած Ո՛Չի շարժման շարունակման եւ ուժեղացման մէջ կը գտնուի գրաւականը Հայաստանի պետական իրաւատէրի դիրքերու ամրապնդման։