Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը անցեալ տարուան ընթացքին, հակառակ առարկայական բազում դժուարութիւններու, հակառակ Հայաստանի արտաքին քաղաքական կոպիտ սխալներուն, որոնք նոյնիսկ կրնային մահացու հարուած տալ նոյն այդ գործընթացին, կարեւոր յառաջխաղացք արձանագրեց:
Նախ եւ առաջ, անցեալ տարուան ընթացքին Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը ներազգային գետնի վրայ դարձաւ առօրեայ խնդիր սովորականէն աւելի մեծ թիւով հայորդիներու համար, որոնցմէ շատերը, մինչ այդ, տարին մէկ անգամ Եղեռնի յուշարձան այցելելով ու անմար կրակին առջեւ ծաղիկ դնելու ծիսակատարութեամբ, կամ Սփիւռքի այս կամ այն անկիւնը ցոյցի մը կամ ոգեկոչական հաւաքի մը մասնակցելով կը բաւարարէր Ցեղասպանութեան նահատակներուն հանդէպ իր զգացած պարտաւորութիւնը:
Քաղաքական փոթորիկը, որ սկիզբ առաւ անցեալ տարուան Ապրիլ 22ին, «Ճանապարհային քարտէս»ի հրապարակումով, եւ որ ժողովրդային յուզումի մեծ ալիք ստեղծեց թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ արտաշխարհի հայութեան մօտ, լարուած պահեց հայ հասարակութեան լայն խաւերուն ուշադրութիւնը ու կրցաւ մինչ այդ անտարբեր ու ազգային կեանքի լուսանցքին վրայ մնալ նախընտրող մարդոց մեծ փաղանգ մը բերել ու մխրճել պահանջատիրական պայքարը տանողներու յորձանքին մէջ: Աւելին. հայ-թրքական արձանագրութիւններէն սպասուող վտանգները, նոր ու աննախընթաց չափերով զօրաշարժի մթնոլորտի մէջ դրին հայկական քաղաքական ու հասարակական կազմակերպութիւններ, որոնք ամէն ճիգ թափեցին քաղաքական պայքարին մասնակցողներու բանակը ուռճացնելու՝ յանուն արձանագրութիւններուն գործընթացի խափանման:
Դարձեալ ներազգային գետնի վրայ, ի հեճուկս Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան բռնած անձնատուական ու պարտուողական ուղիին, հայ ժողովուրդին մէջ արթնցաւ յաւելեալ զգօնութիւն մը Հայ Դատին հանդէպ՝ ստորագծելով Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման խնդիրի հրատապութիւնը եւ անոր անյետաձգելիութիւնը:
Միջազգային գետնի վրայ, մամուլին անդրադարձը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան, եղաւ լայն ու բազմակողմանի՝ կիսալուսաբանելով, լուսաբանելով, թէկուզ քննելով հայութեան դէմ իրագործուած այս մեծ ոճիրին փաստը: Տեղեկատութիւններու հսկայական բաց մըն է, որ կարելի է մասնակիօրէն ու ժամանակաւոր կերպով փակուած նկատել, բայց եւ այնպէս կարելի չէ թերագնահատել միջազգային հանրութեան Հայկական Ցեղասպանութեան մասին իրազեկութեան մակարդակի բարձրացումը, որ ակնյայտօրէն իրագործուեցաւ այս ժամանակաշրջանին:
Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը նոր լիցք ստացաւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ թիւ 252 բանաձեւի քննարկումով, ու այս անգամ, Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը ղեկավարողներու ձախաւերութեան շնորհիւ այնպիսի միջազգային ուշադրութիւն գրաւեց, որ այլ երկիրներու օրէնսդիր իշխանութեանց կողմէ ճանաչումի համար միայն նպաստաւոր պայման կրնայ ստեղծել:
Ժամանակը հիմա մեզի ի նպաստ կը գործէ: Այս պահը պէտք է օգտագործել, որպէսզի իրապէս 95րդ տարելիցը դառնայ անկիւնադարձ ու այնպիսի թափ տայ մեր պահանջատիրական պայքարին, որ մինչեւ հարիւրամեակ կարենանք Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը լուծել՝ աշխարհի բոլոր կարեւոր երկիրներու կողմէ ճանաչումը ապահովելով, ու արդէն Թուրքիան տանիլ միջազգային դատական ատեաններ՝ հատուցման խնդիրներ հետապնդելով:
Երազներու գիրկը օրօրուելու կամ խաբկանք ապրելով մենք մեզ ապարդիւն յոյսեր ներշնչելու համար չէ, որ կու տանք անկիւնադարձային ժամանակաշրջանի սկիզբի ազդանշանը: Կը հնչեցնենք այդ ազդանշանը, որովհետեւ կ՛ուզենք նաեւ պարտաւորեցնել մենք մեզ, որ միասնաբար, իրար գօտեպնդելով, իրար ներշնչելով՝ քալենք փրկութեան միակ ուղիով, որ պայքարի ուղին է՝ յանձնառու, նպատակասլաց պայքարի ճանապարհը, որուն վերջնակէտը մեր նահատակներու կտակի իրականացումն է, մեր ազգի միատեղումը՝ պատմական իր հայրենիքին մէջ, ուր պիտի ապրի ազատ, ինքնիշխան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.