ՅՈՎԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ
Սերժ Սարգսեանի Ապրիլ 22, 2010ի ուղերձը կարելի է տրամաբանական եզրակացութիւնը համարել Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուած ընդհանուր այն հասկացողութեան, որուն ազդանշանը տուած էին ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպաման, Պետական Քարտուղար Հիլըրի Քլինթընը, Ռուսաստանի նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւը, եւ որուն մասին ուղղակի կերպով արտայայտուած էր նաեւ Թուրքիոյ վարչապեր Ռաչէփ Թայիփ Էրտողան՝ «Պարոն Սարգսեանին ալ ըսած ենք, որ նոյնիսկ ամենէն դժուար պահուն սեղանէն հեռանալ պիտի չըլլայ»։
Եւ «սեղանէն հեռանալ» չեղաւ։

Ամիսներէ ի վեր արձանագրութիւններու գործընթացին մէջ տեղաշարժ առաջացնելու ճիգերու սպառումէն ետք, Ուաշինկթընի մէջ ընդհանոր հասկացողութիւն ձեռք բերուած էր գործընթացը ներկայ հանգրուանին սառեցնելու գծով, սակայն միաժամանակ համաձայնութիւն գոյացած էր ամէն գնով սկսուած գործընթացը բաց պահելու։ Առնչակից բոլոր կողմերուն համար ալ վերջնական ձախողութենէն խուսափելու լաւագոյն ելքը գտնուած էր։
Ընդհանուր այս հասկացողութենէն մեկնելով է ահա, որ Սերժ Սարգսեան Ապրիլ 22, 2010ին Հայ Ժողովուրդին ուղղուած իր ուղերձի ընթացքին յայտարարեց՝ «վճռել ենք առայժմ դուրս չգալ գործընթացից, այլ միայն կասեցնել արձանագրութիւնների վաւերացման ընթացակարգը», այլ խօսքով՝ Էրտողանի նշած «ամենէն դժուար պահուն սեղանէն» չհեռանալու տրամաբանութեան հետեւողութեամբ Սերժ Սարգսեան Հայաստանն ու հայութիւնը կը շարունակէ պատանդ պահել միջազգային դերակատարներու հովանաւորութեամբ թուրքերու հիւսած սարդոստայնին մէջ։
Լոնտոնէն, Փարիզէն, Մոսկուայէն, Տէր Զօրէն ու Ուաշինկթընէն հնչած զգայացունց ելոթներով հերոսանալու փորձերու շարքին մէկ տխուր օղակը կարելի է համարել Սերժ Սարգսեանի այս որոշումը եւս, որ արձանագրութիւններու վէրքը բուժելու փոխարէն կը նախընտրէ զայն բաց ձգել եւ թոյլ տալ, որ արիւնահոսութիւնը շարունակուի։ Հիմա այլեւս թրքական դիւանագիտութեան գրոհին առջեւ լայնօրէն բաց կը մնայ Հայաստանի դարպասը ու խոցելի՝ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի անվտանգութիւնը ։
Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին պահպանումով, թուրքերուն համար ցանկալի ելքը ապահովուած է։
Այժմ հարկ է հասկնալ թէ ի՞նչ կը նշանակէ «կասեցնել արձանագրութիւնների վաւերացման ընթացակարգը»։ Ոչի՛նչ։ Պարզապէս կը նշանակէ շարունակել Ապրիլ 22, 2010էն առաջ գոյութիւն ունեցող իրավիճակը։ Ամիսներէ ի վեր թուրքերուն կողմէ այդ ընթացակարգը կասեցուած էր արդէն։ Հայաստանի եւ միջազգային դերակատարներուն կողմէ թափուած հսկայական ճիգերը չյաջողեցան մեղմացնել թրքական կեցուածքին կարծրացումը եւ չկարողացան առաջ մղել արձանագրութիւններուն վաւերացման ընթացակարգը։ Սերժ Սարգսեանի կայացուցած որոշումը եւ Ապրիլ 22ի ուղերձը միջազգային դերակատարներու արտօնութեամբ կատարուած ցուցադրական քայլ մըն է միայն՝ Ապրիլ 24ի նախօրեակին հայութեան մօտ փրկելու համար ՀՀ նախագահին հեղինակութիւնն ու վարկը։ Եթէ փրկելու բան մնացած է անշուշտ։ Հայկական այս նոր նախաձեռնութիւնը եւ հակազդեցութիւնը, ինչպէս այլ առիթով ըսած ենք, խիզախութեան պատրանք մը ստեղծելու միամիտ փորձ է ու Հայաստանի դիւանագիտութեան աղիտալի պարտութիւնը ծածկելու ձախող թատերականացում մը։
Արդարեւ, գործընթացէն դուրս չգալու որոշումը առաւել եւս կը ծանրացնէ իրավիճակը եւ աւելի նեղ կացութեան կը մատնէ հայկական դիւանագիտութիւնը։ Այդ որոշումը յստակ սահմանափակումներ կը պարտադրէ հայկական դիւանագիտութեան եւ թուրքերուն կը զիջի հետագայ քայլերու նախաձեռնութեան իրաւունքը։ Այսինքն, երբ որ թուրքերը պատրաստ ըլլան, երբ որ իրենց ներքին քաղաքական բեւեռացումները մեղմանան, թուրք հասարակութիւնը նախապատրաստուած ըլլայ եւ Ատրպէյճանի հետ կարենան հասկացողութեան հասնիլ, այն ատեն անոնք կը վերականգնեն արձանագրութիւններու վաւերացման ընթացակարգը, որուն կը հետեւի Հայաստանը։
Հայաստանի դիւանագիտութենէն գալիք վտանգը վնասազերծելէ ետք, թուրքերը այժմ անհրաժեշտ ժամանակը կ՛ապահովեն առաջ մղելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու հայկական Սփիւռքին դէմ իրենց շղթայազերծած պայքարը։
Ուաշինկթընի մէջ կայացած հանդիպումներուն ճամբով Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին բաց մնալը ապահովելէ ետք, թուրքերը առանց ժամանակ կորսնցնելու արդէն անցած են յաջորդ հանգրուանին։ Բաւարար է կարդալ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման ու հայկական Սփիւռքին դէմ պայքարելու գծով Թուրքիոյ դեսպաններուն եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն տրուած նոր տասնաբանեան, որուն առաջին կէտն իսկ կը թելադրէ՝ «հայկական Սփիւռքին հետ կապի մէջ» մտնել, յարաբերութիւն հաստատել հայկական գաղութներուն հետ, անոնց բացատրել Թուրքիոյ դիրքորոշումները, կեդրոնանալ Ցեղասպանութեան գծով աւելի «կրաւորական դիրքորոշում» ունեցող սփիւռքահայերուն վրայ, նոյնիսկ կը յանձնարարէ «Թուրքիոյ դէմ հանդէս եկողներուն հետ վատ մի վարուիք։ Թուրքիոյ դէմ տրամադրուածներուն հրաւիրեցէք թէ՛ հիւպատոսական միջոցառումներուն եւ թէ՛ Թուրքիա»։
Այդ տասնաբանեայ ուղեցոյցին մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խորհուրդ կու տայ Ցեղասպանութեան ուրացման գծով աշխատանք տանիլ «համալսարաններուն մէջ եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն, գիտնականներուն եւ օտար դիւանագէտներուն մօտ»։
Հայկական Սփիւռքին վիճակուած է հիմա դիմակայել թրքական այս նոր սադրանքը։ Անցնող տասնամեակներուն ալ թուրքերը փորձած են իրենց նենգ դիւանագիտութեամբ դարպասել հայկական Սփիւռքը։ Մենք թրքական ոճրածին ուղեղն ու նենգ դիւանագիտութիւնը ճանչցած ենք Տէր Զօրի անապատներուն վրայ, Այաշի ու Չանկըրիի բանտերուն մէջ։ Թրքական սադրանքներուն մենք դիմադրած ենք պայքարի մեր իւրայատուկ ոճով եւ Հայ Դատի քաղաքական աշխատանքներով։ Այսօր եւս, պայքարի միեւնոյն վճռականութեամբ մենք թրքական այս նոր գրոհը կը դիմադրենք ոչ միայն Սփիւռքի տարածքին՝ այլ նոյնինքն Հայաստանի մէջ, կասեցնելու համար դէպի Հայաստան շարժող թրքական նոր ներխուժումը։
Տասնաբանեայ այդ ուղցոյցին վերջին երեք կէտերը ուղղակի եւ յստակ կերպով կը վերաբերին յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին ու արձանագրութիւններուն.
Թիւ 8 կէտը կ՛ըսէ. «ձեր գտնուած երկիրներուն մէջ յատկապէս ներկայացուցէք Անգարայի առաջարկը՝ համատեղ պատմական յանձնախումբի խնդիրը, որ նաեւ տեղ գտած է ստորագրուած հայ–թրքական արձանագրութիւններուն մէջ։ Հաստատեցէք այն տեսակէտը, թէ պատմութիւնը պէտք է ձգել պատմաբաններուն»։
Թիւ 9 կէտը կ՛ըսէ. «ուշադրութիւն հրաւիրեցէք Թուրքիա–Հայաստան յարաբերութիւններուն վրայ։ Թուրքիա–Հայաստան յարաբերութիւններու բարելաւման եւ երկու ժողովուրդներու բարօրութեան անհրաժեշտութիւնը ծանրակշիռ կերպով ներկայացուցէք»։
Վերջապէս, թիւ 10 կէտը կ՛ըսէ. «Թուրքիա–Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման, Կովկասի մէջ խաղաղութեան ապահովման վրայ ուշադրութիւն դարձուցէք։ Այդ ծիրին մէջ ամբողջ Կովկասի մէջ կայունութեան հասնելու համար ներկայացուցէք ոչ միայն Անգարա–Երեւան մերձեցումը, այլ՝ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի լուծման կարեւորութիւնը»։
Ահաւասիկ թէ ինչու Անգարայի համար կարեւոր է բաց պահել յարաբերութիւններու կարգաւորման գոըծընթացը։ Անոնք լաւագոյնս կը շահարկեն այդ գործընթացը եւ արձանագրութիւնները, միշտ աւելի եւ աւելի կարծրացնելով իրենց դիրքորոշումը, միշտ աւելի եւ աւելի կոշտացնելով իրենց գրոհը։
Ահաւասիկ թէ ինչու Հայաստան պէտք է վաղուց իր ստորագրութիւնը վերցուցած ըլլար այդ արձանագրութիւններէն։
Հակառակ թրքական սպառնալիքներուն ու դիւանագիտական գրոհներուն, Սերժ Սարգսեան տակաւին կը խուսափի հարցը ուղիղ ճակատէն դիմագրաւելէն։ Հարցը ընթացակարգը չէ՛, մեր խնդիրը սխալ մեկնակէտով սկսած յարաբերութիւններու կարգաւորման այս գործընթացն է, զոր կը յամառի բաց պահել Սերժ Սարգսեան։ Մեր խնդիրը արձանագրութիւններուն բովանդակութիւնն իսկ է, որուն մէջ ՀՀ իշխանութիւնները ցարդ կը մերժեն բարեփոխում կատարել կամ վերապահումներ կցել անոնց։
Մեր խնդիրը այդ արձանագրութիւններուն գոյութիւնն իսկ է, որոնք իբրեւ փաստաթուղթ թուրքերուն ձեռքը երբէք ալ պէտք չէ յայտնուէին։ Պաշտօնական Երեւանը իր ծնունդին մէջ իսկ պէտք է վիժեցնէր նման արձանագրութիւններու գրառումը։
Կը կրկնենք ու պիտի շարունակենք յայտարարել, որ այս արձանագրութիւնները լի են նախապայմաններով, անոնք նուաստացուցիչ են Հայաստանին ու հայութեան համար, իսկ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին անվերջ երկարաձգումը թրքական սադրանք մըն է, որ կը սպառէ Հայաստանի քաղաքական ներուժը ու կը շարունակէ սպառնալ մեր հայրենիքի ու ազգի անվտանգութեան։
Հարկ է միասնական պայքարով անյապաղ տապալել այս գործընթացը, հարկ է միանգամընդմիշտ փակել արձանագրութիւններուն բաց վէրքը ու կասեցնել մահացու արիւնահոսութիւնը։