ԵՐԵՒԱՆ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ՓԱՐԻԶ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆիլիփ Կորտըն, անդրադառնալով Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացը կասեցնելու մասին նախագահ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութեան՝ յայտնած է. «Նախագահ Սարգսեանի յայտարարութիւնը կը յստակացնէ, որ Հայաստանը չէ դադրեցուցած գործընթացը, այլ առկախած է զայն, մինչեւ որ թրքական կողմը պատրաստ ըլլայ յառաջ շարժելու։ Մենք բարձր կը գնահատենք նախագահ Սարգսեանի որոշումը՝ շարունակելու ջանքերը յանուն խաղաղութեան հեռանկարի, յանուն կայունութեան եւ հաշտութեան։ Մենք կը շարունակենք յորդորել երկու կողմերը, որ դռները բաց պահեն հաշտեցման ու յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած ջանքերուն դիմաց»:
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ֆիլիփ Քրաուլի պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է նախագահ Սարգսեանի որոշումին։ Ան նախ կրկնած է այն, ինչ յայտարարած էր Ֆիլիփ Կորտըն։ Ապա, պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումներուն, թէ ինք ինչպէ՞ս կը վերաբերի Հայաստանի նախագահի յայտարարութեան, որ կատարուած է Պարաք Օպամայի Ապրիլ 24ի ուղերձէն միայն երկու օր առաջ, եւ թէ երկու օր առաջ Սերժ Սարգսեանի եւ Տմիթրի Մետվետեւի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը ինչպէ՞ս կրնար ազդել Սարգսեանի յայտարարութեան վրայ՝ Քրաուլի նշած է, որ այս բոլորին մէջ արտաքին ազդեցութիւն չի տեսներ։
«Նախագահ Սարգսեանի յայտարարութիւնը մեզի չէ զարմացուցած։ Մենք աշխոյժ հանդիպումներ ունեցած ենք հայկական եւ թրքական կողմերուն հետ այստեղ՝ Ուաշինկթընի մէջ։ Մենք նաեւ շարունակական կապ կը պահենք Ատրպէյճանի հետ։ Եւ մենք կը հասկնանք, որ երկու կողմերը արձանագրութիւններու վաւերացման հարցին մէջ հասած են, չէի ըսեր փակուղի, այլ տեսակ մը պատնէշի։ Մեզի լաւատեսութիւն կը ներշնչէ այն, որ կողմերէն ոչ մէկը դուրս եկած է գործընթացէն, սակայն կը կարծեմ, որ մենք բոլորս կը գիտակցինք, թէ մեզի պարզապէս որոշ ժամանակ պէտք է՝ գործընթացը դարձեալ շարունակելու նոր հնարաւորութիւն ստեղծելու համար։ Կը կարծեմ, որ ասիկա այն է, որուն կատարման մասին կ՛ակնարկէին հայերը, այդ պատճառով ալ, այդ յայտարարութիւնը մեզ չէ զարմացուցած», ըսած է ան։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօ՞ք գործընթացը կրնայ տապալուիլ՝ Քրաուլին նշած է. «Ուաշինկթը գոհ է, որ թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Թուրքիան ջանք կը թափեն, որպէսզի գործընթացը չտապալի։ Ասիկա մեզի լաւատեսութեան որոշ առիթ կու տայ, թէ աւելի երկարաժամկէտ հեռանկարին մէջ մենք կրնանք ուղիներ գտնել գործընթացին վերադառնալու եւ արձանագրութիւնները կրկին յառաջ մղելու համար։ Այս էր մեր պատգամը՝ ուղղուած թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Թուրքիոյ, հիւլէական ապահովութեան ժողովի ծիրին մէջ կայացած հանդիպումներուն ընթացքին. «Ընթացքի մէջ պահեցէք գործընթացը, եթէ ձեր կարծիքով ասիկա ճիշդ ժամանակը չէ, լաւ, մենք ետ քայլ պիտի կատարենք եւ պիտի վերագնահատենք, թէ ինչպէ՛ս կարելի է յառաջ շարժիլ»։ Ահա թէ ինչու Ֆիլիփ Կորտընը ըսած է, որ ասոնք խրախուսելի քայլեր են այն առումով, որ երկու կողմերը նուիրուած կը մնան յարաբերութիւններու բարելաւման գործընթացին, որովհետեւ, ըստ իս, այդ ամէնը վերջ ի վերջոյ կը բխի անոնց երկուքին շահերէն։ Մենք պարզապէս պէտք է յառաջ շարժուելու ուղի գտնենք», մեկնաբանած է Քրաուլին։
Ըստ «Հապերթիւրք»ի, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճէյմզ Ճեֆրի, անդրադառնալով Հայաստանի իշխող քաղաքական մեծամասնութիւն կազմող կուսակցութիւններուն եւ Հայաստանի նախագահի յայտարարութիւններուն՝ յայտնած է, որ ինք յոյսով է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սկսած յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը պիտի շարունակուի։
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի նախագահի գրասենեակը, արձագանգելով Հայաստանի նախագահի եւ Հայաստանի խորհրդարանին մէջ քաղաքական մեծամասնութիւն կազմող կուսակցութիւններու յայտարարութեանց՝ հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է. «Ֆրանսայի նախագահը կ՛ողջունէ հայկական պետութեան ղեկավարին կողմէ՝ ի նպաստ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման յանձնառութեան վերահաստատումը՝ հակառակ 2009ի Հոկտեմբեր 10ին, Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացին մէջ կողմերու հանդիպած դժուարութիւններուն։ Ֆրանսան կը յորդորէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ իշխանութիւնները, որ շարունակեն երկխօսութիւնը եւ կրկնապատկեն ջանքերը՝ արագօրէն հասնելու յիշեալ արձանագրութիւններու իրագործմանը, որ յատկանշական նպաստ պիտի բերէ ամբողջ տարածաշրջանի խաղաղութեան ու ապահովութեան»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.