ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Վերջերս Լոս Անճելըսի սպառողներու իրաւաբաններու միութեան նախագահ ընտրուած իրաւաբան Կարօ Մարտիրոսեանի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ միութիւնը վաւերացուցած է բանաձեւ մը, որ այսուհետեւ (2010էն սկսեալ) ամէն տարուան Ապրիլ 24ը կը համարէ Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակութեան օր:

Բանաձեւին մէջ նշուած է Օսմանեան կայսրութեան օրերուն իրականացած հայ մտաւորականներու ձերբակալութեան եւ սպանութեան, ինչպէս նաեւ տեղահանութեանց, մարդասպանութեանց ու հայերու կողմէ լքուած կալուածները բռնագրաւելու պարագաները:
Իրաւաբան Կարօ Մարտիրոսեան Լոս Անճելըսի սպառողներու իրաւաբաններու միութեան պարբերականին մէջ նաեւ երկարաշունչ յօդուած մը գրած է Հայկական Ցեղասպանութեան մասին, վերջաւորութեան շեշտելով, թէ ժամանակը հասած է, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները ճանաչում շնորհեն Հայկական Ցեղասպանութեան՝ դէմ դնելով զայն ուրանալու Թուրքիոյ իշխանութեանց փորձերուն: