ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ».- Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ռապըրթ Պրատթքի Պաքուի մէջ յայտարարեց, թէ իր եւ ռուս նոր համանախագահ Իկոր Փոփովի միջեւ երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի Մոսկուայի մէջ, ուր իրենց պիտի միանայ նաեւ ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէն: Վերջինս Մոսկուա պիտի ժամանէ Ապրիլ 22ին:
Մոսկուայի մէջ համանախագահները ամբողջական կազմով պիտի քննեն Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման աշխատանքին մէջ իրենց յառաջիկայ քայլերը:
Պրետթքի «շինի»չ որակած է Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ իր եւ Փոփովի հանդիպումները:
Իր կարգին, Փոփով յայտարարեց, թէ բանակցութեանց գործընթացը շատ դանդաղ է, սակայն դրական է այն իրողութիւնը, որ հանդիպումները կը շարունակուին: Ան նաեւ աւելցուց, թէ համանախագահ փոխելու Մոսկուայի որոշումը ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Ռուսիոյ դիրքորոշման վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.