
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Երկուշաբթի, Ապրիլ 19ին, Պէյրութի «Մովեմփիք» պանդոկին առջեւ 500 հայ երիտասարդներ բողոքի ցոյց կատարեցին նոյն պանդոկին մէջ տեղի ունեցող Թուրքիա-Լիբանան առեւտրական խորհրդաժողովին դէմ: Երկօրեայ այս խորհրդաժողովին դէմ բողոքող երիտասարդները եռագոյն դրօշներով եւ «առեւտուրը թանկ է, իսկ արդարութիւնը անգին» գրութիւնը կրող պաստառներով, ինչպէս նաեւ թուրք գործարարներու մեքենաներու վրայ հաւկիթներ նետելով արտայայտած են իրենց ընդվզումը: