ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Կ՛ըսեն եւ իրաւացի են ըսողները, որ դիւանագիտութեան այբուբենը կը խտանայ ամէնէն անընդունելի քաղաքականութիւնն անգամ սուտով ու կեղծիքով դիմայարդարելու, իբրեւ իրաւացի ու արդարացի քաղաքականութիւն ներկայացնելու եւ համոզկեր դարձնելու ընդունակութեան մէջ։
Կրկնութենէ չխորշելու, ունկնդիրը զզուեցնելու եւ ճապաղելու գնով՝ դիւանագէտը պարտի, իր առաքելութեան ու ասպարէզին մէջ յաջողելու համար, յանկերգի վերածել իր պետութեան ճշդած եւ թելադրած մտակաղապարներն ու չափուած–ձեւուած տարազումները։

Այդ է պատճառը, որ պետական ղեկավարներու եւ դիւանագէտներու շրթներէն հնչող ամէնէն նուիրական կարգախօսքերն անգամ ընդհանրապէս թերահաւատութեամբ կ՛ընկալուին հանրային կարծիքին կողմէ։ Որքան հաղորդակցութեան միջոցները կը կատարելագործուին, այնքան աշխարհի ամէնէն հեռաւոր անկիւններն իսկ տարածում կը գտնէ քաղաքական մշակոյթը, որ հանրային գիտակցութեան մէջ կը սերմանէ այն համոզումը, թէ պետական մարդիկն ու դիւանագէտները տարբեր բան կը մտածեն եւ… տարբեր բան կը յայտարարեն։
Այդ իմաստով դիւանագիտական մեծ հռչակ ունին յատկապէս թուրք պետական ղեկավարները, ի՛նչ կարգերու տակ ալ գործեն անոնք։ Օսմանեան Կայսրութեան ժամանակներէն սկսեալ, անցնելով Մուսթաֆա Քեմալի հռչակած հանրապետական կարգերէն եւ հասնելով Էրտողանի կրօնամէտ վարչակարգին, թրքական պետութեան ներկայացուցիչները միշտ ալ ուշադրութիւն գրաւած են իրենց դիւանագիտական «ճարտարութեամբ» եւ «հնարամտութեամբ»։
Վերջին կենդանի ապացոյցը տրուեցաւ Թուրքիոյ այժմու վարչապետին կողմէ՝ CNNի պաստառէն Քրիսթիան Ամանփուրի հիւրընկալած հարցազրոյցին ընթացքին։ Վարչապետ Էրտօղան Թուրքիոյ պետական–դիւանագիտական զինանոցէն հանեց միջազգային կայունութեան եւ խաղաղութեան իբր թէ «նախանձախնդիր» այնպիսի մօտեցումներ եւ փաստարկներ, որ քիչ մնաց «բարի վարուց վկայագրի» մրցանակ ալ պահանջէր Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը ուրանալու իր քաղաքականութեան համար…
Բայց ո՛չ թրքական դիւանագիտութեան հանրածանօթ ստայօդ մտամարզանքները, ո՛չ ալ ընդհանրապէս դիւանագիտութեան սահմանումէն իսկ բխող կեղծիքը ինքնանպատակ մերկացնելու մղումէն ներշնչուած է այս «Օրուան մտածումը»։
Անշուշտւ ինքնին անհրաժեշտութիւն է ինչպէս Թուրքիոյ դիւանագիտական խարդաւանքին, նոյնպէս եւ անոր ջաղացքին ջուր հասցնող մեծապետական դիւանագիտութեան կեղծ կարգախօսքերուն մերկացումը։
Բայց նոյն այդ մերկացումը հիմնաւորելու համար աւելիով շեշտուած անհրաժեշտութիւն է պատմական զարգացումներուն սթափ ընկալումը։
Եւ ճիշդ այդ մեկնակէտով այս «Օրուան մտածումը», Հայկական Ցեղասպանութեան 95ամեակի սեմին, ներշնչուա՛ծ է Ա. Վռամեանի (Օննիկ Դերձակեանի) մարգարէական կանխատեսումը յիշելու եւ յիշեցնելու առաջադրանքէն, որովհետեւ Վռամեանի գաղափարական պատգամը ոչ միայն մարգարէական էր իր օրին, այլեւ կը շարունակէ պահպանել իր այժմէական հնչեղութիւնը՝ ուսանելի դասեր փոխանցելով նաեւ մեր օրերուն համար։
Ա. Վռամեան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ էր, Օսմանեան Խորհրդարանի դաշնակցական պատգամաւոր նաեւ, երբ Մեծ Եղեռնի անմիջական նախօրէին, Վանի մէջ գործելու ժամանակ, Իշխանի (Նիկոլ Միքայէլեան) դաւադրական սպանութենէն քանի մը օր ետք, իր կարգին զոհ գնաց կուսակալ Ճեւտէթ պէյի կազմակերպած դաւադրութեան։
1871ին Պոլիս ծնած եւ պատանի տարիքին, Կոմիտասի ու Լեւոն Շանթի հետ, Էջմիածին ղրկուած եւ Գէորգեան Ճեմարանը աւարտած մտաւորական գործիչ էր Վռամեան։ 1889ին Պոլիս վերադարձած եւ 1894ին Դաշնակցութեան անդամագրուած էր։ Յեղափոխական իր անձնուէր գործունէութեամբ անմիջապէս դարձած էր Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կ. Կոմիտէին սիւներէն մէկը։ Բաբգէն Սիւնիի հետ ծրագրած ու նախապատրաստած էին Պանք Օթոմանի գրաւումը։ Այնուհետեւ, ձերբակալուած ու մահապատիժի դատապարտուած էր օսմանեան իշխանութեանց կողմէ, բայց կրցած էր փախուստ տալ եւ հեռանալ Պոլիսէն։ Երկու տարի կազմակերպական գործիչի աշխատանք տարած էր Պուլկարիոյ մէջ, ուրկէ անցած էր Ժընեւ՝ միանալու համար «Դրօշակ»ի խմբագրութեան։ 1898ին ներկայ գտնուած էր Թիֆլիսի մէջ գումարուած ՀՅԴ Երկրորդ Ընդհանուր Ժողովին, ուր ընտրուած էր ՀՅԴ Արեւմտեան Բիւրոյի անդամ։ Տարի մը ետք գործիչային առաքելութեամբ ղրկուած էր Մ. Նահանգներ, ուր հիմնած էր «Հայրենիք» թերթը եւ վարած էր անոր խմբագրութիւնը մինչեւ 1907։ 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք վերջնականապէս վերադարձած էր Պոլիս եւ կուսակցական ու պետական բարձրագոյն պատասխանատուութիւններ ստանձնած էր մինչեւ 1915ի իր նահատակութիւնը։
1905ին, ողջ կովկասահայութիւնը ցնցած հայ–թաթարական ընդհարումներու լոյսին տակ, Պոսթըն իր կեցութեան շրջանին, Ա. Վռամեան «Հայրենիք»ի 28 Հոկտեմբերի թիւով լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ հետեւեալ մարգարէական կանխատեսումը կատարած էր.
– «Թուրքիոյ, Կովկասի եւ Պարսկաստանի մէջ ապրող հայը գիտնալու է այսօր, որ ահեղ դաւադրութիւն մը կայ իրեն դէմ, միլիոնաւոր մոլեռանդներու լռելեայն համաձայնութիւնը կռնակ ունենալով. Թաթարներու այսօրուան արարքներն եւս Կովկասի մէջ, որոշ ծրագրի մը գոյութիւնը կը մատնեն՝ տնտեսապէս ջախջախել հայերը, անոնց երիտասարդ ուժերը սպառել եւ մնացորդը մղել գաղթելու.– Հայութեան բնաջնջումի ծրագիրը ի գլուխ պիտի հանեն, եթէ յարմարագոյն առիթը ներկայանայ։ Իսկ այդ առիթը կամ պատեհ րոպէն միջազգային բարդութիւններն են, որոնք գոնէ կարճ ժամանակի մը համար պիտի կրնան Եւրոպայի ուշադրութիւնը Արեւելքէն հեռու պահել եւ թողուլ, որ դահիճն ու զոհը մնան առանձին, դէմ դիմաց։ Ահա այդ ահաւոր րոպէին է, որ հայաջնջումի ահեղ ծրագիրը պիտի իրականանայ առանց դժուարութեան եւ պատմութեան մէջ նմանը չտեսնուած ողբերգութեամբ»…
Հազիւ տասը տարի ետք չարաղէտ այդ առիթը ներկայացաւ եւ թրքական պետութիւնը անվարան գործադրեց տարիներով իր որոճացած հայաջնջումի ծրագիրը։
Գործադրեց պետականօրէն եւ «պատմութեան մէջ նմանը չտեսնուած ողբերգութեամբ»՝ հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին համար։
Իսկ մարգարէական այդ կանխատեսումին հեղինակը ինք եղաւ առաջին զոհերէն մէկը թրքական եղեռնագործութեան։
Դաս առաջին. թուրք պետական մտածողութեան մէջ քաղաքակրթական խոր արմատներ ունի այսպէս կոչուած «հայկական սեպ»էն ձերբազատուելու «հրամայականը»։ Հայաստանն ու հայկական հողերը, իբրեւ հայ ազգի պատմական սեփականութիւնը, գոյութեան իրաւունք չունին յաչս թրքական պետութեան, որ սեփական ցեղին բռնագրաւած հողերը թրքացնելու միակ կոչումով կ՛առաջնորդուի եւ այդ ճամբուն վրայ ոչ մէկ քաղաքական, իրաւական կամ մարդկային կաշկանդում կը ճանչնայ, ոչ մէկ խոչընդոտ կ՛ընդունի…
Իսկ հայ ժողովուրդը, անկախաբար ազգային–քաղաքական ինքնահաստատման իր բնական ձգտումներէն եւ սեփական անկախ հայրենիքի ու պետականութեան իրաւունքէն, սոսկ քաղաքակրթական իր կենսունակութեամբ, կամայ թէ ակամայ կ՛արգելակէ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ թրքական գերիշխանութեան «պահպանումը»… Ինչ որ ալ ըլլան պատմական զարգացումներու հետեւանքով առաջացած աշխարհաքաղաքական պայմանները, թրքական պետութիւնը դատապարտուած կը զգայ ինքզինք շարունակելու հայաջնջումի ծրագրին գործադրութիւնը։ Կրնայ միայն ու պարզապէս հայաջնջման ծրագրին գործադրութեան ձեւերը փոփոխութեան ենթարկել՝ արտաքին պայմաններուն համապատասխան յառաջ ընթանալու համար։
Դաս երկրորդ. իրաւունք չունինք կրկնելու Ա. Վռամեանի եւ իր սերունդին դառն ու ողբերգական սխալը։ Տեսնելով հանդերձ թրքական պետութեան հետապնդած հայաջնջումի ծրագրին վտանգը, 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան ընդմէջէն ատենի հայ ղեկավարութիւնը փայփայեց այն յոյսը, որ թուրք ժողովուրդի ծոցէն կրնայ երեւան գալ երիտասարդ սերունդ մը, որ հայ ժողովուրդին մէջ փնտռէ իր ճակատագրակիցն ու գործակիցը։ Քաղաքակրթական հակադրութեան գործօնը անշրջանցելի էր սակայն եւ Հայաստանն ու հայութիւնը ծանրագոյն գին վճարեցին նման յոյսերու փայփայումին։
Ժամանակը ամենայն դաժանութեամբ հաստատեց, որ հայ ժողովուրդի քաղաքական ճակատագիրը առաջնորդելու կոչուած ազգային ղեկավարութիւն մը, մանաւանդ երբ ի մտի կ՛ունենանք 1918ին Հայաստանի անկախութեան նուաճումէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումէն ասդին գործած հայ պետական ղեկավար ուժերը, դատապարտուած է միշտ զգօնութեամբ տեսնելու եւ բնաւ մտահան չընելու Դահիճին պետական քաղաքականութեան առանցքը կազմող քաղաքակրթական մեծ հակադրութիւնը։
Չի բաւեր, որ հայ ժողովուրդը պատրաստակամութիւն ունենայ ներելու թրքական պետութեան ցեղասպանական ոճիրը, եթէ անշուշտ կրնայ այդպէս՝ առանց իրաւունքի ու արդարութեան վերականգնումին ու քաղաքական հատուցումին ներել… Անհրաժեշտ է ու նախապայման, որ թրքական պետութիւնը հաշուի նստի իր պատմութեան հետ եւ ընդունի, որ քաղաքակրթական ծանրագոյն մոլորանք էր ու ոճիր՝ աշխարհի այս գօտիէն ներս թրքական գերիշխանութեան «պահպանումը» Հայաստանի ու հայութեան գերեզմանումին վրայ խարսխելու քաղաքականութիւնը։
Միայն այդ պարագային նախ թուրք ժողովուրդը հնարաւորութիւն կ՛ունենայ իր պետական մտածողութենէն հաշիւ պահանջելու, ապա՝ սնուցանելու այն յոյսը, որ կարելի է եւ պէտք է համատեղ կեանքի ու բարի–դրացիական յարաբերութեանց քաղաքակրթական նոր էջ բանալ։
Մնացեալ բոլոր վերլուծութիւնները եւ մեկնաբանութիւնները, թէ ժամանակները կը փոխուին եւ ազգերն ու պետականութիւնները զարգացում կ՛ապրին եւ թէ, մինչեւ իսկ, պատմականօրէն իրարու հակադրուած ազգերու եւ պետութեանց նորահաս սերունդները ի վերջոյ անցեալի բեռէն լիցքաթափուելու ուղին պէտք է գտնեն, չեն կրնար իբրեւ հիմնաւորում ծառայել պատմութեան այս դաժան դասերու անտեսումին։
Յատկապէս Մ. Նահանգներու պետական ղեկավարութիւնը ի՛նք այլեւս պէտք է համոզուի, որ առանց Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումին եւ դատապարտումին՝ թրքական պետութիւնը ամէն ելք կը փակէ հայեւթուրք իրա՛ւ երկխօսութեան եւ բնականոն յարաբերութեանց առջեւ։
Այնքան ատեն որ «Դահիճի եւ Զոհի» հակադրութիւնը ծանրօրէն կ՛իշխէ հայեւթուրք յարաբերութեանց խորապատկերին, մեծապետական աշխարհը ղեկավարող բոլոր ուժերն ալ իրաւունք չունին արհամարհելու այն ազգակործան վտանգը, որ կը շարունակէ սպառնալ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին, միջազգային հաւանական իրարանցումի մը պարագային, երբ Դահիճն ու Զոհը դարձեալ առանձինն կանգնին դէմ դիմաց…
Դժուար չէ Զոհը դուրս հանել «զոհ»ի հոգեբանութենէն, անոր հաւաքական յիշողութեան եւ գիտակցութեան վրայ ճնշող ցեղասպանութեան ահաւոր բեռէն։
Դժուարը եւ այս պարագային նախապայմանը յաղթահարումն է Դահիճին մէջ շարունակուող անպատժելիութեան զգացումին։ Իսկ թրքական պետութեան այսօրուան ղեկավարութիւնը դոյզն անդրադարձումն իսկ չունի, աւելին՝ կը մերժէ ունենալ, խոստովանելու համար որ ինք ժառանգորդն է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կործանման վրայ խարսխուած ցեղապաշտ գերիշխանութեան։
Թուրքիան ճշմարտութեան ա՛յս պատին առջեւ պէտք է կանգնեցնեն աշխարհի ճակատագիրը տնօրինող մեծերը, եթէ անկեղծ են իրենց արձակած դիւանագիտական պսպղուն կարգախօսքերուն մէջ։
Այլապէս, նոյնինքն նահատակ մեր ժողովուրդին եղերաբախտ առաջնորդին բառերով՝ հայ ժողովուրդին նորահաս սերունդները անվարան պիտի ձայնակցին Ա. Վռամեանի պատգամին.
«Իրաւունքը, ինչպէս առաջ, այսօր ալ սուրին ծայրն է, այսինքն՝ անոնք միայն իրաւունք ունին, որ սուր ունին կամ եաթաղանին դէմ գէթ զմելի մը։ Իրաւունքը արցունքոտ թաշկինակին ծայրը կապեցինք մենք, փոխանակ սուրին ծայրը դնելու։ Պոռացէք ուզածնուդ չափ, թէ իբր մարդ, ուրիշներու վայելած ազատութիւնը դուք ալ ստանալու իրաւունք ունիք։ Կոկորդնիդ ու արցունքնիդ մեղքցէք։ Պարապ խօսքեր են ատոնք՝ ինչպէս դատարկ փամփուշտ մը առանց վառօդի» («Հայրենիք», 1900, Նոյեմբեր 17)։