ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Հինգշաբթի, 25 Մարտ 2010ի երեկոյեան ժամը 7ին, ՀՕՄի Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջանային վարչութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄի Ռազմավարական ծրագրումի յանձնախումբի կազմակերպած եզրափակիչ աշխատանիստը՝ ղեկավարութեամբ նոյն մարզի մասնագէտ Արմէն Աբրահամեանի: Աշխատանիստին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ՀՕՄի Կեդր. վարչութեան անդամ Նովա Հինտոյեանը:
Աշխատանիստի կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով ներկաները ողջունեց ատենապետուհի Նայիրի Տէրտէրեանը եւ գոհունակութիւն յայտնեց ներկաներուն՝ ՀՕՄի հանդէպ ցուցաբերած իրենց գուրգուրանքին ու հետաքրքրութեան համար: Ապա, ակնարկ մը նետելով ծրագրումի նախորդ աշխատանիստերուն կատարուած աշխատանքներուն վրայ՝ ան յիշեցուց կատարուած քննարկումները՝ ՀՕՄի ներկայ դրութեան եւ ապագայ տեսլականի գծով: Իսկ օրուան աշխատանիստին անդրադառնալով՝ ընկերուհին յստակացուց, թէ աշխատանք պիտի տարուի միջոցներ որոնելու ՀՕՄի նախատեսած տեսլականը իրականացնելու գծով:
Ապա, յանձնախումբի անդամուհիներէն Մարալ Փօլատեան ներկայացուց ցարդ կատարուած աշխատանիստերուն ամփոփ զեկուցումը: Ան յատկապէս կեդրոնանալով մասնաճիւղերուն ղրկուած հարցարաններու պատասխաններուն վրայ՝ յստակացուց յանձնախումբի եզրայանգումները ՀՕՄի մասնաճիւղերուն եւ անոնց գաղութներուն մասին, որոնք պիտի օգտագործուին միութեան ապագայ ծրագիրներու պատրաստութեան մէջ:
Ընկերուհին նաեւ ներկայացուց մասնաճիւղերու ներկայ իրավիճակը եւ օգտաշատ մատնանշումներ կատարեց անոնց մասին՝ ընդգծելով հիմնական ծրագիրներ ունենալու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ՀՕՄի շրջապատը առաւել ընդլայնել, յատկապէս՝ երիտասարդութիւնը ընդգրկելով անոր շարքերուն մէջ:
Այնուհետեւ, աշխատանիստը ղեկավարեց Արմէն Աբրահամեանը, որ օրուան աշխատանքներուն ընդհանուր ուղղութիւնը տալով՝ ուշադրութեան յանձնեց ութ կարեւոր կէտեր, որոնք պէտք է նկատի առնուին միութեան մը եւ յատկապէս ՀՕՄի ապագայ ծրագիրներու պատրաստութեան համար.
* Երիտասարդ կամաւոր ուժերու ներգրաւում
* Համագործակցութիւն
* Յայտագիրներ
* Մարզում եւ զօրակցութիւն
* Միութենական ազդեցութիւն
* Հաւասարակշռուած մօտեցում
* Հանրութեան զարգացում
* Մասնաճիւղերու տիրական ներկայութիւն՝ գաղութներէ ներս
Յիշեալ ութ կէտերու սպառիչ բացատրութիւններէն ետք, ներկաները բաժնուեցան ութ խմբակներու եւ առանձնաբար ուսումնասիրեցին ակնարկուած կէտերէն մէկը, արձանագրեցին իրենց առաջարկները եւ այնուհետեւ, հերթաբար ներկայացուցին զանոնք ներկաներուն:
Լուսաբանական հարց ու պատասխաններէ ետք, առաջարկներ արձանագրուեցան՝ ապագայի ծրագրաւորման աշխատանքներուն մէջ նկատի առնուելու հեռանկարով:
Ձեռնարկի վերջին բաժինով, Շրջ. վարչութիւնը, առ ի երախտագիտութիւն յանձնախումբի կատարած հետեւողական եւ օգտակար աշխատանքին, անոնց նուիրեց շնորհակալութեան կարկանդակ մը, որուն հատումէն ետք հրամցուեցաւ ներկաներուն:
Շրջ. վարչութեան անունով ելոյթ ունեցաւ Ռազմավարական ծրագրումի յանձնախումբի կապ Մաքօ Սեդրակեանը, որ առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն՝ իրենց մասնակցութեան եւ ծրագրուած աշխատանքին օգտակար ներդրում բերելու համար, ապա բարձր գնահատեց յանձնախումբի անդամ-անդամուհիները՝ իրենց հետեւողական ու բծախնդիր աշխատանքին համար. այնուհետեւ, ան յատուկ երախտագիտութիւն յայտնեց նաեւ Արմէն Աբրահամեանին, որ անտրտունջ եւ համբերութեամբ գլխաւորեց այս ծանր աշխատանքը եւ իր եզրափակիչ հանգրուանին հասցուց զայն: Արմէն Աբրահամեանի կողքին, լուրջ աշխատանք հետապնդող յանձնախումբի անդամներն էին Մուրատ Թօփալեան, Նայիրի Տէրտէրեան, Մարալ Փօլատեան եւ Թալին Հինտոյեան:
Այս առիթով, Շրջ. վարչութիւնը՝ առ ի երախտագիտութիւն Ա. Աբրահամեանի նուիրեալ աշխատանքին, յատուկ յուշատախտակ մը եւ գրիչ մը նուիրեց անոր:
Ինքնավստահութիւն ներշնչող մթնոլորտի մը մէջ վերջ գտաւ աշխատանիստը: Մասնակիցները մեկնեցան տուն, ՀՕՄի ապագայ աշխատանքներու ծրագրաւորման իրենց արդար բաժինը բերած ըլլալու գոհունակութեամբ:
Կասկածէ վեր է, թէ շրջանի ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը քաջ կը գիտակցի, թէ իր մէկ դար ծառայութենէն ետք անհրաժեշտ է որ 100ամեայ ՀՕՄը, իր նոր դարաշրջանը նորանոր նուաճումներու հեռանկարով թեւակոխէ՝ հանրութեան ներկայանալով այժմէականացած, հրապուրիչ, արդիական, ազգանպաստ ու երկարաժամկէտ ծրագիրներով: