Գանատայի մէջ հրատարակուող «Սօսեաց Անտառ» հայ կնոջ հանդէսը՝ «Ե. տարի, 2009, թիւ 1 (10)»: Խմբագիր՝ Սօսի Առաքելեան, աշխատակիցներ՝ Յարութիւն Փալանճեան եւ Լուսին Ժամկոչեան: Այս թիւը լոյս տեսած է մեկենասութեամբ լոսանճելըսաբնակ Սիրվարդ Առաքելեանի:
Գնահատելի նախաձեռնութիւն մըն է սոյն հանդէսը, որ մեծաւ մասամբ կ՛արծարծէ հասարակութեան մէջ հայ կնոջ ունեցած կարեւոր դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ տղամարդու եւ կնոջ իրաւասութեան վերաբերեալ հարցեր: Հանդէսին էջերուն ընդմէջէն ընթերցողը կը ծանօթանայ հայ իրականութեան մէջ նշանաւոր կանանց:
Այս համարը կը բացուի «Երկու սեռերու հաւասարութիւնը. Իրականութի՞ւն, թէ խաբկանք» խմբագրական յօդուածը: Հանդէսին մէջ յաջորդաբար ներկայացուած են ազգային-հասարակական կեանքի մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած երեք կանայք՝ Զապէլ Ասատուր, Զապէլ Եսայեան եւ Արշակուհի Թէոդիկ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.